ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Ընտրութեան եւ Օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ, առաջին անգամ ըլլալով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գերշ. Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի:
Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցի – Զալքա
Հանդիսաւոր սուրբ պատարագ
հանդիսապետութեամբ`
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
Կը պատարագէ`
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ԵՂԻԱ ԵՊՍ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Նորընտիր առաջնորդ Փարիզի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Թեմին
Կիրակի, 1 յուլիս 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Այսուհետեւ Ս. Խաչ Ժողովրդապետութեան հովուական պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ`
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԸ
Ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմին
Իբրեւ օգնական ունենալով Գերպ. Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան եւ հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեան:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԻԼՎԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատար- ւի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԺՈԶԷՖ ՃԻՆԻՇԵԱՆի (մահացած Քանատա) մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
ՄԱՐԻԺԱՆ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆի (ծնեալ` Պալըքճեան) մահւան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՔՆԱՐԻԿ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Խաչերեան, Պողարեան, Տարագճեան եւ Խայեաթ ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, պետական երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունիին, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, դիմատետրի էջով եւ կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց քրոջ` ՍԻԼՎԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար-Լիբանան
Հեռ. 01891068 – 891099
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին յուլիս ամսուն` միայն ամէն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, ժամը 8:30-էն 12:00:
Օգոստոս ամսուն վարժարանիս տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակները փակ կը մնան:
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, արձանագրութիւնները կը վերսկսին ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ ամառնային բարի արձակուրդ կը մաղթենք մեր ծնողներուն ու աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը ամրան ընթացքին` յուլիսէն օգոստոս, բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:00, իսկ գրախանութը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը յուլիսէն օգոստոս, բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
AGEV s.a.e ընկերութիւնը կարիքը ունի պաշտօնեայի մը` որ ճամբու ծանուցումի պաստառներ կախելու, «Ֆլեքսի» եւ «Վենիլի» վրայ աշխատելու, գիրերը ծռելու եւ դուրս ցցելու աշխատանքի փորձառութիւն ունենայ, ինչպէս նաեւ ելեկտրագործի մը` պաստառներու նորոգութեան համար:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել հեռաձայնելով 03-302223 թիւին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 5:00:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ