ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՄՈՎՍԷՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ խորհուրդի նախկին անդամներէն
ՄՈՎՍԷՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Յասմիկ Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Սեւան Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Հուրի Պոտրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս Պոտրումեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հերմիկ Մինասեան եւ զաւակունք
Տիկին Արմիկ Մամիկոնեան եւ զաւակունք
Գույումճեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Մկրտիչ եւ Միքայէլեան ընտանիքներ
Պոտրումեան եւ Մինասեան ընտանիքներ
Մամիկոնեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Արթինեան եւ Սապունճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, կնքահօր եւ հարազատին`
ՄՈՎՍԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 29 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նաեւ շաբաթ, 30 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Պետոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Միշան Պետոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շանթ Պետոյեան
Օրդ. Մարկրիթ Պետոյեան
Տէր եւ տիկին Ազիզ եւ Ծովինար Ապի Ալի եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Գրիգոր Մանուկեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ Մանուկեան եւ զաւակունք
Օրդ. Ազատուհի Մանուկեան
Մանուկեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ
Իմատ եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Ֆատուլ եւ Ապի Ալի ընտանիքներ
Շպիպ եւ Ժամկոչեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻԱՄ ՓԱՆՈՍ ՊԵՏՈՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 29 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 30 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Յառաջիկայ կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով` յընթացս Ս. պատարագի թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի`
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթելու վեհափառ հօր քաջառողջութեան եւ երկարամեայ գահակալութեան համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցի – Զալքա
Հանդիսաւոր սուրբ պատարագ
հանդիսապետութեամբ`
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ
ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
Կը պատարագէ`
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ԵՂԻԱ ԵՊՍ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Նորընտիր առաջնորդ Փարիզի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Թեմին
Կիրակի, 1 յուլիս 2018, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Այսուհետեւ Ս. Խաչ Ժողովրդապետութեան հովուական պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ`
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԸ
Ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմին
Իբրեւ օգնական ունենալով Գերպ. Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան եւ հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեան:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԻԼՎԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԽԱՉԵՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատար- ւի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԺՈԶԷՖ ՃԻՆԻՇԵԱՆի (մահացած Քանատա) մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հանգուցեալին պարագաները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
ՄԱՐԻԺԱՆ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆի (ծնեալ` Պալըքճեան) մահւան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՔՆԱՐԻԿ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են ու կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (GS)
– Կենսաբանութիւն (LS)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Վարժարանին մէջ`
– կը գործէ ուսման յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (մանկապարտէզէն` միջնակարգ),
– կը գործէ լիաժամ խորհրդատու-հոգեբան (school counselor),
– կը դասաւանդուի նկարագիրի կրթութիւն (child education),
– կը գործեն այլազան «ակումբ»-ներ (պարի, ճատրակի, մարզական, robotics…)
Վարժարանս օժտուած է վերանորոգուած եւ արդիական տարրալուծարանով:
Ուշադրութիւն
– Վարժարանս կը տրամադրէ յատուկ եւ սերտուած կրթանպաստի դրութիւն քաջալերելու համար ուսումնատենչ հայ աշակերտներու գոյատեւումը հայ վարժարանին մէջ:
– Հայկազեան համալսարան յաճախող ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստ կը տրամադրուի «Թրբանճեան ֆոնտ»-էն (պայմանով, որ աշակերտը վերջին երկու տարիներուն յաճախած ըլլայ ԿԲ վարժարան):
Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել.
ա.- Վերջին 2 տարիներու վիճակացոյց
բ.- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն
գ.- Երկու նոր լուսանկար
դ.- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը ամրան ընթացքին` յուլիսէն օգոստոս, բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:00, իսկ գրախանութը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը յուլիսէն օգոստոս, բաց է երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Վաճառատուն մը կարիքը ունի հաշուապահուհիի մը, նուազագոյնը 2 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել` հեռ. 71-885565:
—————————————
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
AGEV s.a.e ընկերութիւնը կարիքը ունի պաշտօնեայի մը` որ ճամբու ծանուցումի պաստառներ կախելու, «Ֆլեքսի» եւ «Վենիլի» վրայ աշխատելու, գիրերը ծռելու եւ դուրս ցցելու աշխատանքի փորձառութիւն ունենայ, ինչպէս նաեւ ելեկտրագործի մը` պաստառներու նորոգութեան համար:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել հեռաձայնելով 03-302223 թիւին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 5:00:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ

