Այլազան

50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1968)

Յուշարձանէ Յուշարձան 1967 նոյեմբերէն մինչեւ 1968 մայիս, ընդամէնը վեց ամսուան ընթացքին, Հայաստանի հողին վրայ բարձրացուեցան երկու կոթողներ, առաջինը` Մեծ եղեռնի զոհերուն  յիշատակը յաւերժացնելու համար, իսկ երկրորդը` Սարդարապատի հերոսներուն ի պատիւ: Այդ կոթողներուն բացման արարողութեանց ներկայ եղան հարիւր հազարաւոր մարդիկ, ու ներկայ եղան ազգային արժանապատուութեան կիսադարեան վէրքը մասամբ թեթեւցնելու աճապարանքով, յուզումով, հպարտութեամբ: Յուշարձաններու բացման արարողութեանց ներկայ եղան նոյնպէս պետական ու կուսակցական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հիանալի յաջողութիւն պիտի ունենաք, պիտի մոռնաք ձեր դժուարութեան պահերը, պիտի վայելէք նաեւ տարբեր հաճելի հանդիպումներ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անտրամադիր էք այսօր, ուրեմն աւելորդ աշխատանք մի՛ կատարէք: Դուք ձեզ մի՛ ստիպէք աշխատելու, փորձեցէք պտոյտ մը ընել, բնութեան մէջ ժամեր անցընել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրը ձեռնտու է հանգստանալու: Առիթը օգտագործեցէք` վայելելու օրուան ընծայած...

Յայտարարութիւններ (26 Յունիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Ժաքլին Ճինիշեան եւ դուստրը` Թամար Տէր եւ տիկին Զաշէ եւ Էվլին Ճինիշեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Ալին Փամպուքեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Լուի եւ Լենա Նատեր եւ դստերք Տէր եւ տիկին Ալեք եւ Թալար Նատեր Տիկին Քրիստին Մկրեան եւ զաւակունք Տիկին Սալբի Ճինիշեան եւ զաւակը Տէր եւ տիկին Ժան Սանթուրեան եւ զաւակը Տէր եւ...

50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1968)

Անթիլիասի Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդէսը Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի 38-րդ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Դպրեվանքի բակին մէջ: Հանդէսը սկսաւ դպրեվանքի «Սիրտ ի Սիրտ» քայլերգի եւ Թարգմանչաց «Որք Զարդարեցին» շարականի խմբերգումով: Տիգրան սարկաւագ կարդաց հատուած մը Աստուածաշունչէն, Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած երկրորդ նամակէն` «Ողջամիտ վարդապետը»: Ապրումով արտասանեցին` Ներսէս Պահարեան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) «Խնդա՛ եւ աշխարհը հետդ կը խնդայ» խօսքը մակերեսային չէ, այլ կը խօսի այն մասին, որ երբ խնդանք, դրական ներուժ կը տարածուի մեր շուրջը, եւ մենք կը շրջանցենք դժուարութիւններն ու հոգերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Իւրայատուկ բնաւորութիւն մը ունիք: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Վերջապէս պիտի հասկնաք, որ դրամը աշխատանքի արդիւնքով միայն կը հասնի ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ...

Յայտարարութիւններ (25 Յունիս 2018)

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութիւն «Զուարթնոց» Յատուկ ԴաստիարակութեանԿեդրոն Նախագահութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Գ. ՏԻԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ԵՒ ՏԻԿՆՈՋ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ Սիրով ձեզ կը հրաւիրէ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ Որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, Պուրճ Համուտ - Արաքս փողոց: Հեռ. 01-257631 Կառատունը`...

50 Տարի Առաջ (25 Յունիս 1968)

Մայիս 28-ի Խորհուրդը (Մ. Իշխանի Ճառը` Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակին Առթիւ) Սրբազան հայրե՛ր, բարեկամնե՛ր, ընկերնե՛ր: Հաւաքուած ենք անգամ մը եւս տօնելու հայոց պատմութեան մեծագոյն թուականներէն մէկը: Կ՛ըսեմ` մեծագոյնը, որովհետեւ չունինք հայոց պատմութեան մէջ թուական մը, որ այնքան ծանր եւ այնքան մահաշուք օրերէն ետք, այնքան շքեղ փայլով մը փայլեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ: Մենք ունեցանք Վարդանանք եւ այլ դիւցազնամարտներ` յաճախ բարոյական, մշակութային արժէքով:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ օգնութիւն խնդրուի ձեզմէ, օգնեցէք դրական հոգիով: Անմոռանալի պայմաններ պիտի ունենաք: Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգէք: Խոստմնալից շրջան մըն է: Նոր գիւտերու պիտի ծանօթանաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս շրջանին գեղեցիկ երազներ պիտի ունենաք: Սիրային պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրեցեալին հետ: Հին հարցեր երեւան մի՛ հանէք: Խնդիրներ պիտի ունենաք հարազատներու հետ: Վիճաբանութեան շրջան մըն...

Յայտարարութիւններ (23 Յունիս 2018)

Հովանաւորութեամբ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ Կազմակերպութեամբ` Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողական Միութեան ԿԱԼԱ - ԸՆԹՐԻՔ ՀԵՀՈՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ: Կը հրաւիրենք բոլոր հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները` միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելենական հանդիսութիւնը եւ խթան հանդիսանալու ՀԵՀՈՄ-ի յառաջիկայ գործունէութեանց: Յայտնենք, որ այս կալային հասոյթը պիտի տրամադրուի...

Քենիոյ Մէջ Աղջիկներն  Ալ Ֆութպոլ Կը Խաղան

Քենիոյ Մէջ Աղջիկներն Ալ Ֆութպոլ Կը Խաղան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քենիոյ մէջ աղջիկներուն համար ֆութպոլը պարզ ժամանց մը չէ, ոչ ալ պարզապէս մարզաձեւ մը: Այլ անոնց համար անիկա իրենց իրաւունքները պաշտպանելու միջոց մը կը հանդիսանայ: Իւրաքանչիւր ոտքի հարուածով անոնք իրենց ապագան կը փոխեն: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին 10 անգամ աւելի ֆութպոլ խաղցող մարզիկ մանչեր, քան աղջիկ խաղցողներ: Քենիոյ մէջ ֆութպոլը մանչերու խաղ մըն է. հոն աղջիկները...

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1968)

Ազգային Ծերանոցը` Պաղտատի Մէջ  Ազգային Բարերարուհի Ռեճինէ Իսկենտերեանի Նուիրատուութիւնները Վերջին տարիներուն, սփիւռքի տարածքին վրայ, Հայութիւնը ամէնուրեք նոր թափով մը շինարարական աշխատանքի մը լծուած է` կառուցելով ծերանոց, եկեղեցի, դպրոց եւ այլն: Զգալի է թիւը բարերարներու, որոնք դպրոցի մը կամ այլ ազգային շէնքի մը ընդհանուր ծախսերը կը հոգան: Ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կ՛արձանագրենք, որ իրաքահայութիւնը եւս ունեցաւ իր նոր բարերարը: Բարերար Ռեճինէ Կարապետ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր հետաքրքրութեան շրջանակը պիտի ընդարձակէք: Մեծ աշխուժութիւն պիտի ունենաք: Նոր ընկերներու պիտի ծանօթանաք: Հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ մի՛ թիավարէք: Թշնամական կեցուածքներ մի՛ որդեգրէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երազներու եւ երեւակայութեան մէջ պիտի իյնաք: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի մեծնայ, բայց իրականութենէն պիտի հեռանաք: Պիտի նեղանաք հարազատի մը կատարած արարքէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այս շրջանին հանգիստ...

Յայտարարութիւններ (22 Յունիս 2018)

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ - ԷՇՐԵՖԻԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Կազմակերպութեամբ` Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄՆԻՆ Ելոյթ կ՛ունենան Ջութակահար` Լիւսի Չամսարեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Նժդեհ Պոտրումեան, Մինաս Ադամեան, Մարալ Շաննագեան-Ադամեան, Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան, Արմիկ Քէրքէզեան, Շուշան Սարգիսեան, Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկէրեան, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին Տեղի կ՛ունենայ, ուրբաթ, 22...

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1968)

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններ  Հայաստանի Հանրապետութեան Յիսնամեակի Տօնակատարութիւն 150 Պատանիներ Կատարեցին Պատանեկան Երդում ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կեդրոնական վարիչ մարմինին կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 յունիս, ամբողջ օրը, Այնճարի դալարագեղ պարտէզներուն մէջ, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի: Կը մասնակցէին Լիբանանի 10 պատանեկան միութիւններէն աւելի քան 450 պատանի ընկերներ` իրենց վարիչներով: Հանդիսութիւնները սկսան մարզական խաղերով: Տեղի ունեցաւ վազքի,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նիւթական եւ աշխատանքային ձեր գործերը պիտի զարգացնէք: Նախկին ճնշումներու պատճառով քիչ մը տագնապ պիտի զգաք: Պէտք ունիք անձի մը, որ մթնոլորտը ջերմացնէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս շրջանին ձեր տրամադրութիւնները պիտի բարձրանան: Փափաք պիտի ունենաք աշխատելու եւ այլոց հետ աշխուժութեամբ յարաբերելու: Այս օրերուն զգուշ եղէք տագնապէն եւ իրարանցումէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այս...

Յայտարարութիւններ (21 Յունիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ նախկին ատենապետին` ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր նախկին անդամին` ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Մարի Պոյաճեան եւ զաւակը` Հրայր Տէր եւ տիկին Վիգէն Պոյաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա) Տէր եւ...

Առողջապահական.  Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Առողջապահական. Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Առողջութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (OMS) կը յանձնարարէ օրական 50 կրամէն աւելի շաքար չսպառել: 50 կրամ շաքարը համապատասխան է 10 կտոր շաքարի: Դժբախտաբար շատեր օրական 100 կրամ շաքարի սահմանները կ՛անցնին: Պատճառը` քաղցրեղէնի հանդէպ անդիմադրելի տկարութիւնը, բայց նաեւ «անմեղ» նկատուող ուտելիքները, որոնք թէեւ շաքարով հարուստ են, սակայն հակառակ տպաւորութիւնը ձգած են բոլորին մօտ... Հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է զգուշանալ եւ...

Page 230 of 361 1 … 229 230 231 … 361

Արխիւներ