ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ քունի խանգարում ունիք, հարկ է դիմէք լուրջ բուժումի: Ամէնէն կարեւորը` հեռու մնացէք ջղայնանալէ, նաեւ` անխելք եւ բամբասող անձերու հետ խօսելէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նոր գործ մը կամ նոր շրջանակ մը պիտի ունենաք, թերեւս` մարզական գրասենեակի մը մէջ կամ ժամանցի վայր մը, ուր պիտի հանգստանաք ինքնաբերաբար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կրնաք ունենալ ընտանեկան վէճ մը, որուն եթէ չմասնակցիք, լաւ կ՛ընէք: Հարցերը քննարկեցէք հանդարտ տրամադրութեամբ, որպէսզի օրը անցնի խաղաղ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ունենաք աշխատանքի պատեհութիւն մը, զոր պէտք է ստանձնէք շուտով: Գործնական եղէք եւ պատրաստ` անմիջապէս գործի անցնելու: Օրը բարեբեր է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տնտեսական ձեր կացութիւնը խոցելի է: Պիտի ընէք այն, ինչ որ կրնաք եւ ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ դասաւորել, բայց դարձեալ այս հարցը կը մնայ կարմիր կէտի վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզ արտայայտեցէք: Ձեր շրջապատը այս կը պահանջէ ձեզմէ: Լուռ մնալը միշտ «ոսկի» չէ, հետեւաբար ծածկամիտ մի՛ ըլլաք: Մնացէք խաղաղ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի ըլլաք մարտունակ, աշխատունակ, պիտի յաղթահարէք անկարելի կարծուածը: Ձեր շուրջինները պիտի գնահատեն ձեր այս արի կեցուածքը: Շարունակեցէք նոյն ձեւով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցի մը մէջ պիտի ունենաք օժանդակութիւնը եւ գործակցութիւնը ձեր շրջապատին: Պիտի գնահատուիք բոլորին կողմէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ դուք ձեզ ապահով չէք զգար աշխատանքային մակարդակի վրայ, պէտք է կատարէք պրպտում մը այս կարծիքին պատճառը գիտնալու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կատարեցէք ձեր սրտին խօսող գործ մը, նուիրումով իրագործեցէք զայն: Օրինակի համար` ժամանակ տրամադրէք ձեր հետաքրքրութիւններուն, բարեսիրական գործ մը ըրէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր հիմնական մտահոգութիւնը դրամական է: Կարելիութիւն կրնաք ունենալ եւ կրնաք դասաւորել այս հարցը բարեկամներու օգնութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամուսնական կամ ընկերային ձեր կեանքին մէջ վէճ մը պիտի ունենաք: Կարելի է հասկցուիլ երկխօսութեամբ եւ լուծել հարցը: Մնացէք շրջահայեաց եւ իմաստուն:
