Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ինքնավստահ եղէք, որպէսզի կարենաք բանալ ձեր դիմաց փակ դռները: Պիտի գործակցիք կարգ մը կողմերու հետ: Ճիշդ ժամանակին ձեզի օգնութիւն մը պիտի գայ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Նիւթական անցողական հարց մը պիտի ունենաք, որ ձեր ուշադրութիւնը եւ ժամանակը պիտի խլէ: Անցեալէն պատկերներ պիտի վերյիշէք եւ պիտի ուրախանաք: Գոհ պիտի մնաք գործերու ընթացքէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...






