50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1968)
Հրապարակային Դասախօսութիւն Նիւթ` Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Ներքին Կեանքը Դասախօս` Սարգիս Զէյթլեան Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: *********************************************************** Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման նախորդող պատմական դէպքերու ներկայացումէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան, շարունակելով այս նիւթին նուիրուած դասախօսութիւններուն շարքը , պարզեց հանրապետութեան ներքին կազմակերպչական աշխատանքները: - 1918-ին Կովկասի մէջ կը ստեղծուէին երեք հանրապետութիւններ, որոնք կը յաւակնէին պետութիւն...






