ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դժուար ու խրթին պահեր պիտի ապրիք: Մի՛ բարդացնէք վէճերը եւ լուրջ խնդիրներ մի՛ յարուցէք: Բոլոր մարզերուն մէջ դժուար շրջան մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ունեցած պատասխանատուութիւնները պիտի ճնշեն ձեր վրայ: Դժուար հարցի մը դիմաց պիտի գտնուիք: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Ձեր ժամանակին յարգը գիտցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հանգիստ եւ ապահով պահեր պիտի ապրիք: Մի՛ յանձնուիք եւ արտայայտեցէք ձեր կարծիքները: Կը փափաքիք ճամբորդել եւ նոր վայրեր ու մշակոյթներ բացայայտել: Դրական պատասխան մը պիտի ստանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարգաւորեցէք ձեր ժամանակը: Ճկուն եղէք, եթէ կ՛ուզէք գոհացուցիչ արդիւնք ստանալ: Զրոյցներով կարելի է եզրակացութեան հասնիլ: Մի՛ աճապարէք, այլ հանդարտ մնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աւելի դիւանագէտ եղէք եւ աշխատեցէք կրճատել ձեր եւ ուրիշներուն միջեւ եղած հեռաւորութիւնը` վէճեր յարուցելու փոխարէն: Ձեր ճամբորդութիւնները եւ հանդիպումները պիտի շատնան:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Առիթ մի՛ տաք, որ ձեր պարտականութիւնները դիզուին: Աւելի կարգապահ եղէք եւ ձեր առաջնահերթութիւնները նկատի առէք: Պիտի սկսիք նոր գործ, որ պիտի յոգնեցնէ ձեզ, բայց ընդհանուր առմամբ դրական շրջան մըն է, որ կ՛ապրիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Երկրորդական հարցերով մի՛ զբաղիք, որպէսզի չմոռնաք ձեր հիմնական ընելիքները: Վստահեցէք ձեր ուժերուն` յաջողութեան հասնելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բախտը պիտի չքանայ յառաջիկայ օրերուն: Ձեր ծրագիրներուն գործադրութիւնը պիտի ուշանայ: Խաբեբայ մարդոցմէ հեռու մնացէք: Պիտի մտահոգուիք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իրապաշտ եղէք եւ տրամաբանութեամբ լուծեցէք հարցերը: Պիտի ուրախանաք, երբ ձեր ընկերները ձեր խնդիրին զօրակցին: Պէտք ունիք մասնագէտներու խրատներուն, որպէսզի սխալներ թոյլ չտաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս շրջանը ձեզի համար քննութեան շրջան պիտի ըլլայ: Մասնագէտներու կարծիքը առէք եւ ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք: Կարեւոր այցելութիւններ կատարեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նոր միտքեր պիտի առաջարկէք ձեր ընկերութեան: Տարուան վերջին արդիւնաբեր օրերն են, օգտուեցէք անկէ: Բարի լուր մը պիտի ստանաք եւ շատ պիտի ուրախանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեզի հետ կատարուածները լաւ վերլուծեցէք: Համեմատեցէք ձեր ունեցած տուեալները իրարու հետ: Դասաւորեցէք ձեր նիւթական պարտաւորութիւնները եւ վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները:
