ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Սրբագրեցէք ձեր սխալները եւ առիթ տուէք, որ ամէն բան իր բնականոն ընթացքով յառաջանայ: Ներողամիտ եղէք ձեր ընկերներուն հանդէպ, կրնաք օր մը իրենց պէտք ունենալ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ եւ յամառութենէ: Անհասկնալի ընթացք մը պիտի ունենաք: Ամսուան վերջին օրերուն մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յստակ եղէք ձեր առաջնահերթութիւններուն մէջ: Մի՛ թերանաք պարտականութիւններուն մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Առիթ տուէք, որ ձեր շուրջինները իրենց կարծիքը յայտնեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ամսուան վերջին շաբաթը դրական է ձեզի համար: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն` նախքան տարին իր աւարտին հասնի: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ աճապարէք քննադատական խօսքերով վիրաւորել ձեր շուրջինները: Հանգիստ եւ հանդարտ մնացէք: Յոգնեցուցիչ օր մը պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կանոնները յարգեցէք: Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի բազմանան այս օրերուն: Անձնական հոգեր եւ փոփոխական տրամադրութիւն պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ընտանեկան հարցեր պիտի ծագին, բայց պիտի աշխատիք զանոնք լուծել եւ համերաշխութիւնը վերադարձնել ձեր տան մէջ: Ձեր միտքերն ու փափաքները պիտի յաջողիք հասցնել ձեր շուրջիններուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր յոյսերը պիտի նորոգուին, եւ տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Սէրը մեծ տեղ պիտի գրաւէ ձեր կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Օր մը տրամադրեցէք վերատեսութեան ենթարկելու ձեր հարցերը: Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք, բայց շուտով մթնոլորտը դրական պիտի ըլլայ, եւ դուք պիտի ապրիք հրաշալի պահեր` ձեր հարազատներուն հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Խաղաղ եւ հանգիստ օրեր պիտի ունենաք: Մի՛ առանձնանաք ձեր տեսակէտով եւ կարծիքներով, լսեցէք նաեւ ձեր շուրջիններուն կարծիքները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ամսուան վերջին օրերուն պիտի դժուարանան ձեր պայմանները: Նեղ կացութիւններու մի՛ մատնէք դուք ձեզ: Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի վերագտնէք ձեր առողջութիւնը եւ աշխուժութիւնը: Դժուարութիւնները ձեր իմաստութեամբ պիտի յաղթահարէք: Ուրախ տարեվերջ մը պիտի ունենաք:
