ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղը կը գուժէ իր նախկին անդամներէն
ՌՈԶԻՆ ՓԵԼԹԷՔԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շողիկ Փելթեքեան եւ զաւակը` Մհեր
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նոյեմի Պետոյեան
Տէր եւ տիկին Քրիստ Պետոյեան
Փելթեքեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ
Պասթաճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ՌՈԶԻՆ ՓԵԼԹԵՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ, 1930-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին:
—————————————
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը այս տարի եւս հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ սարկաւագին տօնը:
Այս առիթով կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ,
Նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` տօնակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
—————————————
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը Ձեզ կը հրաւիրէ Նորակառոյց
«ԱԹԱՅԵԱՆ ԵՂԲԱՐՔ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի:
| – Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին | 
| – Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին | 
| – Սրահի բացման հանդիսութիւն` | ժամը 12:00-ին | 
Ուստի, թաղական խորհուրդը կը հրաւիրէ հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն եզակի հանդիսութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԾԱՂԿԵԱՅ ՓԻԼՈՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը տեղեկացնէ հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին,
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին`
ԱՐԺ. Տ. ՅԱԿՈԲ ՔՀՆՅ. ՊԶՏԻԿԵԱՆին պիտի շնորհէ ծաղկեայ փիլոն:
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ աղօթակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀՐԱՅՐ ՀՈՎԻՒԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
«ՊԱՏԿԵՐ» Մշակոյթի Տուն-Օճախը
ձեզ կը հրաւիրէ
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի ստեղծագործութեան
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
ՄԱՍՆԻԿՆԵՐ
Բացում` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Ցուցահանդէսին ժամերը, ամէն օր 11:00-19:30, «Պատկեր», «Տէր Մելքոնեան» փողոց, Ա. յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
(Պէյրութ) Կազմակերպութեամբ`
ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ
եւ
ՍԵՒԱԿ ԱՐՄԷՆԵԱՆի
Ձեռային աշխատանքներու
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Երեկոն կը խանդավառէ`
ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ակումբին մէջ, Զոքալ Էլ Պլաթ:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
JAVA հաստատութիւնը կարիքը ունի լիբանանահայ երիտասարդի մը` իր աշխատանոցին մէջ, 20-էն 30 տարեկան: Երկրորդական կարգի ուսումը եւ արաբերէն ու անգլերէն գիտնալը պայման է: Դիմել` հեռ. 01-502329:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Սիւզի Պոսնոյեան, տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեան եւ տէր եւ տիկին Պերճ եւ Կասիա Մահսէրէճեան իրենց ծնողներուն` Զոհրապ եւ Ռիթա Պոսնոյեաններու յիշատակին կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
(24 դեկտեմբեր 2018)
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
 
			
