ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարեւոր եւ կտրուկ որոշումներ մի՛ տաք, եթէ պատրաստ չէք անոնց: Ճնշող շրջան մըն է: Աշխատանքային եւ առողջական գետնի վրայ ետքայլի մէջ պիտի ըլլաք, պատրաստուեցէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Այս օրերը յարմար են` ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Դրական շրջան մըն է, աշխատեցէք կարճեցնել հեռաւորութիւնը ձեր եւ ձեր շրջապատին միջեւ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դէպքի մը պատճառով պիտի ստիպուիք ճկունութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ վարուիլ ձեր շրջապատին հետ: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին, յատկապէս` զաւակներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նոր միտքեր պիտի առաջարկէք եւ նոր ծրագիր մը պիտի յաջողցնէք: Օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն, եթէ կարիքը ունիք: Ամսուան լաւ ու բախտաւոր օրերէն մէկն է: Ձեր դիմաց յաջողութեան դռները պիտի բացուին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Բծախնդիր եղէք ձեր հաշիւներուն եւ քննութեան մէջ: Ձեր առողջութեան հետ կապուած ծախսեր պիտի ծագին: Սննդականոնի մը հետեւիլը մեծապէս պիտի օգնէ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր կեցուածքէն պիտի երեւի ձեր խելացութիւնը եւ ճարպիկութիւնը: Արդիւնաբեր եւ դրական շրջան մըն է բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ, եւ դուք պիտի գտնէք ձեզ քաջալերող մարդիկ: Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք: Մեծ ներուժ ունիք ձեր մէջ: Յարմար շրջան է` համարձակ քայլեր առնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կարողութիւն ունիք յաջողելու եւ ձեր դիրքը պաշտպանելու, պայմանաւ որ ճկուն, իրապաշտ եւ տքնաջան աշխատող մը ըլլաք: Մէկու մը հետ պիտի հաշտուիք: Յառաջ անցէք համարձակութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Առանց լաւ մտածելու` որոշում մի՛ տաք: Քննութիւն պիտի յանձնէք, լա՛ւ պատրաստուեցէք: Հարցի մը կամ գործի մը մասին պատճառաբանութիւն մը պիտի գտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անսպասելի հարցեր պիտի ծագին: Պէտք չէ անհոգ գտնուիք ձեր նիւթական պարտաւորութիւններուն հանդէպ: Խնայողութեամբ ծախսեցէք այս օրերուն, որովհետեւ յառաջիկային կրնաք նիւթական նեղութեան մէջ յայտնուիլ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դասաւորեցէք ձեր մուրհակները եւ առիթ մի՛ տաք, որ անոնք դիզուին: Պէտք ունիք շինիչ միտքերու: Անակնկալ դէպքեր պիտի պատահին, եւ դուք ուրախ պահեր պիտի ապրիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի հանդիպիք դժուարութիւններու եւ պիտի զայրանաք: Վիճաբանութիւներէ եւ վիրաւորական խօսքերէն հեռու մնացէք: Օգնեցէք ձեր ընկերներուն, եթէ անոնք ձեզմէ օգնութիւն խնդրեն:
