Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Խենթանալիք Գիշերը

Դեկտեմբեր 22, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ո՜ւֆ, դարձեալ տարուան ամէնէն սքանչելի գիշերը: Կէս գիշերին Կաղանդ պապան եւ իր եղջերուները կը սկսին աշխարհին շուրջ իրենց տարեկան ճամբորդութիւնը, որ պիտի տեւէ 24 ժամ:

Կաղանդ պապան կրնայ միայն 2,5 երկվայրկեան տրամադրել իւրաքանչիւր ծխնելոյզի: Հետեւաբար ան պէտք է շատ արագ շարժի: Եթէ պատահի, որ դուն անոր հանդիպիս, ուշադրութիւն, անոր մի՛ խանգարեր, զայն մի՛ կեցներ հետը սելֆի նկարուելու համար. ասիկա ժամանակի վատնում պիտի ըլլայ: Արդէն Կաղանդ պապան նկարուիլ շատ չի սիրեր:

 

Կաղանդ պապային սահնակը այնքան արագ կը թռչի օդին մէջ, որ անկարելի է զայն պարզ աչքով տեսնել: Անիմաստ է ամբողջ գիշերը արթուն մնալ` պատուհանէն զայն տեսնելու համար:

Կաղանդ պապան արժէքաւոր վայրկեաններ կը շահի, երբ կը թռչի անապատներուն կամ սառոյցներուն վրայէն. որովհետեւ հոն ապրող շատ երեխաներ չկան, ան բաժնելիք շատ նուէրներ չունի:

Երբ նուէրները կը բեռցուին Կաղանդ պապային սահնակին վրայ, սահնակը կը կշռէ 320 հազար թոն: Սակայն երբ ան ձայնէն արագ կը թռչի, ան շատ թեթեւ կ՛երեւի:

Նոյնիսկ եթէ սահնակը Ճի.Փի.Էս. մեքենայով օժտուած է, Կաղանդ պապան կը նախընտրէ ուղղուիլ ըստ աստղերուն դիրքին, հին ժամանակներու պէս:

Լափոնիի Ռովանիեմի շրջանէն է, որ Կաղանդ պապան ճամբայ կ՛ելլէ եւ ուր կը վերադառնայ 24 ժամ ետք, բոլոր նուէրները բաժնելէ ետք:

***

Կաղանդ պապային շրջապտոյտը մեծ աշխատանք մըն է. սակայն ան չի դժգոհիր: Ան շատ կը սիրէ զգալ փչող հովը, որ կը մտնէ իր երկար ճերմակ մօրուքին մէջ, եւ` միշտ նոր ծխնելոյզներ գտնել:

Խոհագիր

Կաղանդի Համեմներով
Կարկանդակ

Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)

200 կրամ ալիւրի, 150 կրամ մեղրի, 100 կրամ սեւ շաքարի (քասոնատը), 100 կրամ կարագի, 1 ապուրի դգալ կարկանդակի, յատուկ համեմներու խառնուրդի, 1,5 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, քիչ մը վանիլայի, 1 գաւաթ կաթի, 1 հաւկիթի, պտղունց մը աղի:

Պատրաստութիւն

1.- Փուռը վառէ 180 աստիճան տաքութեան վրայ: Մեղմ կրակի վրայ փոքրիկ կաթսայի մը մէջ հալեցուր մեղրը` կարագին եւ կաթին հետ:

2.- Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը: Վրան աւելցուր` շաքարը, վանիլան եւ համեմներու խառնուրդը:

3.- Հալած մեղրը կամաց-կամաց աւելցուր խորունկ ամանին խառնուրդին մէջ` լաւ խառնելով: Աւելցուր հաւկիթը դարձեալ լաւ խառնէ:

4.- Քէյքի ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ: Մէջը պարպէ խմորը: Ձգէ, որ եփի 45 վայրկեան: Ձգէ, որ պաղի եւ ապա համտեսէ:

 Կաղանդի
Ձեռային Աշխատանք

Այս պզտիկ զարդարանքները կրնաս գործածել` զարդարելու համար Կաղանդի ծառը կամ սենեակիդ դուռն ու պատուհանները:

Պէտք ունիս.- Գունաւոր բարակ խաւաքարտերու, կլորակ տափակ բամպակի, ականջ մաքրելու ցպիկի, հաստ թելի, ներկերու, խէժի, մկրատի:

Պատրաստութիւն.-

1.- Գունաւոր խաւաքարտերուն վրայ գծէ եւ կտրէ երկար եռանկիւններ:

2.- Եռանկիւնները ծալէ ձեռնադաշնակի նման:

3.- Կաղանդ պապային պարագային, եռանկիւնին սուր ծայրը դէպի կողմ ծալէ գլխարկը ունենալու համար:

4.- Կլորակ տափակ բամպակ մը փակցուր առջեւէն, եռանկիւնին վերի բաժինին վրայ:

5.- Ականջ մաքրելու ցպիկը փակցուր եռանկիւնին ետեւէն` Կաղանդ Պապային թեւերը ունենալու համար:

6.- Սեւ ներկով գծէ Կաղանդ պապային դէմքին մանրամասնութիւնները: Կարմիր գոյնով ներկէ քիթը:

7.- Գլխարկին ետեւէն փակցուր հաստ թել մը, որպէսզի զարդը կարենաս կախել:

8.- Ձիւնամարդուն պարագային, աւելցուր նարնջագոյն  եռանկիւն թուղթէ քիթը եւ սեւ գլխարկը: Կաղանդի ծառին համար աւելցուր գագաթի աստղը եւ կոճղը: Իսկ հրեշտակին համար կլորակ տափակ բամպակ մը մէջտեղէն կտրէ եւ այդ թեւերը փակցուր մարմնին ետեւէն:

 

Ներկէ՛

Այս կաղանդի մանտալուն գեղեցիկ գոյներով ներկէ՛ եւ ապա փակցուր ծալուող խաւաքարտի մը վրայ: Մէջը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի մաղթանքներդ գրէ եւ զայն նուիրէ քու նախասիրած անձիդ:

Կրնաս նաեւ, նոյն օրինակին հետեւելով, ուրիշ տարբերակներ ալ հնարել եւ մաղթանքի քարտեր բաժնել շուրջիններուդ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել աստղին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տարբեր նուէրը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 15 տարբերութիւնները։

 

Կրնա՞ս գտնել վարի պատկերին մէջ պահուած վերի շարժին տարբեր առարկաները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Սրտի Գոհունակութիւն

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?