50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1970)
Խմբագրական Քսան Դար Ետք Ծնաւ անշուք մսուրի մը մէջ: Մարդացաւ աշխարհին խաղաղութիւն տալու եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն ստեղծելու վսեմ առաքելութեամբ: Կեանքը ամբողջ եղաւ խորհրդալի եւ կենդանի օրինակ մը խոնարհութեան եւ ազնուագոյն գաղափարներու, որոնք հետզհետէ տարածուեցան ու դարձան հաւատոյ հանգանակ` բազմամիլիոն մարդոց համար, ի սփիւռս աշխարհի: Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, խաղաղութիւնը մնաց անկարելի երազ մը, ու հաճութիւնը երբեք չտիրեց մարդոց միջեւ:...






