ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնները կը գուժեն Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի նախկին խնամակալ եւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի հոգաբարձութեան նախկին անդամ
ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն
ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգային «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղը կը գուժէ իր անդամներէն`
ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
«Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտի վարչութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն
ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Աբրահամեան
Տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ալիս Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նարեկ եւ Սարին Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Չարենց եւ Ցոլին Աբրահամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աբրահամ Աբրահամեան եւ ընտանիք
Տիկին Ռոզին Աբրահամեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Աբրահամեան եւ ընտանիք
Տիկին Խաթուն Օհանեան եւ ընտանիք
Տիկին Պերճուհի Մուրատեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Արէն Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Միսաք Գասարճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Ռուսեալեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Համբարձում Տիրացուեան եւ ընտանիք
Աբրահամեան եւ Օհանեան ընտանիքներ
Պարսումեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ԿԱՐԱՊԵՏ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 28 դեկտեմբեր 2019-ին, յետ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ երեքշաբթի, 31 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ճեմարանի սաներու ֆոնտ»-ին:
————————————-
ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԻՐԵԼԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Այս տարի Ս. Ծննդեան նախատօնակը` Ճրագալոյցը, կը զուգադիպի կիրակի օր: Հետեւաբար, հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնն ու կանոնները նկատի առնելով` նոյն օրը Ս. խորանին վրայ երկու անգամ պատարագ չմատուցելու, 5 յունուար 2020-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի չմատուցուի, այլ միայն ժամերգութիւն տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան ժամերգութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 4:00-ին, իսկ Ճրագալոյցի Ս. եւ անմահ պատարագը պիտի մատուցուի երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————-
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական
իր պատգամը ուղղէ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:30-ին |
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
Ծանօթ.- Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 1:30, եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00: Իսկ յաջորդ օր` երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00:
Յայտնենք, որ երեքշաբթի, 7 յունուարին, ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿին, դարձեալ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————-
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց
Ժամերգութիւն` | առաւօտեան ժամը 7:00-ին |
Ս. պատարագ` | առաւօտեան ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | առաւօտեան ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | առաւօտեան ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին, վերանորոգուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Նոր տարուան առաջին օրը` չորեքշաբթի, 1 յունուար 2020, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութեանց պիտի նախագահէ`
Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Քարոզիչ Լիբանանի հայոց թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ Նոր տարին Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելով սկսելու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ»-ԻՆ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Անի Կէօքճեանի մահուան քառասունքին առիթով`
– Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը 150.000 լ. ո.