ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վատ օրերը վերջ պիտի գտնեն: Յառաջիկային կեանքի աւելի լաւ պայմաններ պիտի ունենաք: Ձեր չիրագործած ծրագիրները պիտի յաջողիք իրագործել եկող ամիս:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի ուրախանաք, երբ օտար մարդիկ ձեզի զօրակցին: Ամսուան վերջին օրերուն վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր գործերը եւ հաշիւները: Հոգեպէս խաղաղ եղէք, կրնաք հանգիստ ապրիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր վստահութիւնը պիտի վերագտնէք տարուան վերջին օրերուն: Շարունակեցէք ձեր գործերը եւ հետաքրքրութիւնները այս տօնական շրջանին: Դրական շրջան մըն է` ընկերային նոր յարաբերութիւններ մշակելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Պիտի ճամբորդէք եւ դրական մթնոլորտով պիտի փակէք տարին ու սկսիք նոր տարի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Տօնական այս շրջանին ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձեցէք օգտակար դառնալ կարիքաւոր ընտանիքի մը: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք եւ կառչած մի՛ մնաք միայն ձեր տեսակէտին վրայ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Տարուան վերջին օրերուն հեռու մնացէք նեղութենէ: Երկրորդական հարցերը թող չազդեն ձեր տրամադրութեան վրայ: Որքան ալ ձեր գործի ճնշումները շատ ըլլան, մի՛ յուսահատիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Առանձնութենէ կը տառապիք այս շրջանին: Աշխատեցէք տօնական օրերուն մինակ չմնալ, այլ ժամանակ անցուցէք ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բարձր տրամադրութիւն պիտի ունենաք այս շրջանին: Ուրախ եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն եւ հարազատներուն հետ: Ձեր փափաքներէն մէկը պիտի իրականանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի կորսնցնէք պայմանագիր մը, բայց բնաւ մի՛ յուսահատիք, յառաջիկայ տարին աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ աշխատանքի առումով: Ընտանեկան ուրախ եւ տօնական պահեր պիտի ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս շրջանին ոչ մէկ բան թող ընկճէ ձեզ եւ տկարացնէ ձեր կամքը: Վստահութիւն ունեցէք ձեր ուժին ու կարողութեան: Ձեզմէ երկար բացակայած հարազատի մը ներկայութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անակնկալ ծախսերը ծանր պիտի կշռեն այս շրջանին: Ուրախ մթնոլորտի մէջ պիտի դիմաւորէք Նոր տարին` բարեկամներու եւ հարազատներու ներկայութեան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Տարուան վերջին օրերը հաճելի պիտի ըլլան ձեզի համար, մինչ կը պատրաստուիք տօնել տարեմուտը: Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք: Պիտի պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարելու: