ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Առողջական անցողիկ հարց մը պիտի ունենաք: Հեռաձայնային կարեւոր կապ մը պիտի հաստատէք ձեր հին բարեկամներէն մէկուն հետ: Նամակ մը պիտի ստանաք եւ շատ պիտի ուրախանաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Այս շրջանին ձեր շուրջինները հոգատար պիտի ըլլան ձեզի հանդէպ: Ձեր ընկերներէն մէկը շատ կը փափաքի մտերմանալ ձեզի հետ, բայց դուք կասկածանքով կը մօտենաք անոր: Առիթով մը պիտի վերագտնէք ձեր երջանկութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ունիք երազանք մը, զոր կ’ուզէք իրականացնել: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Ձեր աշխատանքային պայմանները դէպի լաւը պիտի փոխուին: Ուրախ տրամադրութեամբ պիտի դիմաւորէք Նոր տարին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մեծ խանդավառութեամբ պիտի սկսիք ձեր օրը: Կը մտածէք ձեր ապագային մասին: Ընկերային առողջ յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Այս օրերուն ձեր ժպիտը անպակաս պիտի ըլլայ ձեր դէմքէն
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կարեւոր որոշումէ մը պիտի հրաժարիք: Պիտի վերյիշէք անցեալին մէջ մնացած դէպք մը: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Պիտի գործակցիք ձեր ընկերներուն հետ` ծրագիրի մը յաջողութեան համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր հասցէին ուղղուած գովասանք մը ձեզ շատ պիտի ուրախացնէ: Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր առօրեային մէջ: Աշխատանքային ծրագիր մը պիտի մշակէք եւ լաւապէս պիտի դասաւորէք ձեր գործերը տարուան աւարտին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Քիչ մը իրար պիտի անցնիք, բայց վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք եւ քաոսային վիճակ մի՛ ստեղծէք դուք ձեզի: Հոգատար պիտի ըլլաք ձեր շուրջիններուն հանդէպ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աշխատանքային հարցի մը լուծման համար պիտի գործակցիք օտարներու հետ: Ձեր ընտանիքին յաւելեալ ժամանակ պիտի տրամադրէք եւ կարիքները պիտի հոգաք: Ուրախ մթնոլորտի մէջ պիտի դիմաւորէք Նոր Տարին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հին էջեր մի՛ բանաք եւ գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք: Իւրայատուկ անակնկալ մը ձեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ տարուան վերջին օրը: Ձեր կատարած աշխատանքը ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մի՛ հրաժարիք ձեր նպատակներէն: Տարուան աւարտին վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր իրականացուցած եւ չիրականացուցած ծրագիրները: Ձեր շուրջինները պիտի արժեւորեն ձեր կատարած զոհողութիւնը ձեր գործին մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Նոր ծրագիր մը պիտի սկսիք մշակել:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր փափաքներէն մէկը պիտի իրականացնէք եւ ցոյց պիտի տաք ձեր ուժն ու կարողութիւնը: Նոր աշխատանք մը պիտի առաջարկուի ձեզի: Նիւթական հաշիւները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: