ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր բարեկամներուն պիտի զօրակցիք իրենց դժուար օրերուն: Յաղթահարելի դժուարութիւններ պիտի ունենաք, մի՛ յուսահատիք: Տարուան վերջին օրերուն մտածեցէք բարեգործութիւն մը կատարել:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուշադիր եղէք, որ սխալներ չգործէք այս շրջանին, որպէսզի գինը սուղ չվճարէք: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործերը` զանոնք ներկայացնելէն առաջ: Պէտք է ճկուն ըլլաք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ եւ յարմարիք ձեր նոր պայմաններուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նախքան տարեվերջ` պէտք է ձեզ ամէնէն շատ նեղացնող հարցին լուծում մը գտնէք: Հաճելի պահ մը պիտի ապրիք ձեր ընկերներուն հետ: Ձեր լաւագոյնը ըրէք ձեր ընկերներուն համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր մէկ արարքը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր ընկերներուն վրայ, աշխատեցէք շուտով հանդարտեցնել մթնոլորտը: Դժուար ու խրթին շրջան մըն է, իմաստուն եղէք ձեր տնօրինումներուն մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուշադիր եղէք, որ մրցակցութիւններու եւ հակառակութիւններու զոհ չերթաք: Աշխատանքային գետնի վրայ ճնշումներ պիտի ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դուք պէտք ունիք փորձառու մարդոց օգնութեան ու մասնագէտներու խորհուրդներուն: Այս շրջանին պայմանագիր մի՛ ստորագրէք: Դասաւորեցէք ձեր գործերու ցուցակը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր զգացումները ազդեն ձեր գործերուն վրայ: Աշխատեցէք ամրապնդել ձեր դիրքը ձեր ընկերութեան մէջ: Բարի եւ ուրախ տարի մը պիտի դիմաւորէք հարազատներու ու բարեկամներու ներկայութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր ջիղերը յոգնած պիտի ըլլան տարեվերջին: Հանգստացէք, լաւատեսութեամբ եւ յոյսով դիմաւորեցէք Նոր տարին: Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք, խանդավառ եղէք, որպէսզի լաւ տպաւորութիւն ձգէք դիմացինին վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մեծ պատասխանատուութեան մը դիմաց պիտի կանգնիք: Յոգնութիւն պիտի զգաք ձեր բազմազան գործերուն պատճառով, բայց պիտի յաջողիք օգտակար դառնալ ձեր շրջապատին բարի գործերով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Տարուան վերջին օրերը բախտաբեր պիտի ըլլան ձեզի համար: Նոր ծրագրի մը գործադրութեան պիտի սկսիք Նոր տարուան սկիզբը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նախքան տարին աւարտի` պէտք է ձեր բոլոր հարցերը լուծէք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Ընտանեկան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պիտի դիմաւորէք Նոր տարին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Այցելութեան պիտի երթաք ձեր բարեկամներուն: Ձեր գործերը դիւրացնելու համար պէտք է զիջումներ կատարէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Պատրաստ եղէք բարի անակնկալի մը: