Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէի՞ր, թէ մշտադալար եղեւինը սովորաբար գործածուած էր նոյնիսկ հեթանոսական շրջանին հազարաւոր տարիներէ ի վեր` տօնելու համար ձմեռնային փառատօները: Հեթանոսները անոր ճիւղերը կը գործածէին զարդարելու համար իրենց տուները ձմեռնային արեւադարձին, որովհետեւ ան իրենց կը յիշեցնէր գալիք գարունը:
Հռոմէացիներն ալ մշտադալար եղեւիններ կը գործածէին զարդարելու համար իրենց տաճարները Սաթուրնալիա փառատօնին: Մինչ քրիստոնեաները զայն կը գործածեն իբրեւ խորհրդանիշ Աստծոյ հետ յաւիտենական կեանքի:
* * *
Շատ յստակ չէ, թէ ճիշդ ե՛րբ մշտադալար եղեւինները գործածուած են իբրեւ Կաղանդի ծառեր: Կ՛ենթադրուի, թէ այս սովորութիւնը սկսած է մօտաւորապէս հազար տարիներ առաջ, հիւսիսային Եւրոպայի մէջ: Շատ տեղեկագիրներու, առաջին բազմաթիւ Կաղանդի ծառեր շղթաներով տանիքէն կախուած են գագաթը դէպի վար:
Հիւսիսային Եւրոպայի տարբեր շրջաններու մէջ գործածուած են նաեւ բալենիներ կամ ալոճենիի փշոտ թուփէն ճիւղեր, որոնք կը դրուէին թաղարներու մէջ եւ ներս կը բերուէին յոյսով, որ Կաղանդին անոնք ծաղկէին: Եթէ մարդիկ չէին կրնար իսկական ծառեր ունենալ, անոնք փայտէ բուրգերով ծառ մը կը շինէին եւ զայն կը զարդարէին թուղթերով, խնձորներով ու մոմերով: Երբեմն այս ծառերը կը պտտցնէին տունէ տուն` մէկ տան մը մէջ զետեղելու փոխարէն:
* * *
Առաջին անգամ պատմութեան մէջ նշուած Կաղանդի ծառերու գործածութիւնը վիճաբանութեան նիւթ է Էսթոնիոյ Թալին քաղաքին եւ Լաթվիոյ Ռիկա քաղաքին միջեւ: Երկու քաղաքները կը հաստատեն, որ իրենք են առաջին անգամ Կաղանդի ծառերը զարդարողները, Թիլին քաղաքը 1441-ին, իսկ Ռիկա քաղաքը 1510-ին: Երկու քաղաքներուն մէջ Կաղանդի ծառը դնողները եղած են Պլաքհետզ եղբայրութեան անդամները, որոնք Լիվոնիա շրջանին (ներկայի Էսթոնիա եւ Լաթվիա) մէջ վաճառականներու, նաւատէրերու եւ օտարներու ընկերակցութեան կը պատկանէին:
Այս առաջին ծառերուն մասին մեզի շատ բան ծանօթ չէ: Մենք միայն գիտենք, որ անոնք կը դրուէին քաղաքին հրապարակը:
Հետաքրքրական
Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ գոյութիւն ունի յուշատախտակ մը, որուն վրայ փորագրուած է. «Ռիկայի մէջ առաջին Նոր տարուան ծառը 1510-ին» գրութիւնը ութ լեզուներով:
Գերմանիոյ մէջ առաջին Կաղանդի ծառերը զարդարուած էին ուտուելիք զարդարանքներով, ինչպէս` ճինճըրպրէտ կրկնեփներով եւ ոսկեգոյն խնձորներով: Հետագային է, որ ապակեգործները սկսան ապակիէ փոքրիկ զարդեր շինել:
Սկիզբը ծառին գագաթը կը դրուէր Յիսուս մանուկին արձանիկը: Ժամանակի ընթացքին ան փոխարինուեցաւ հրեշտակով, որ հովիւներուն պատմեց Յիսուսի մասին, կամ` աստղով մը, երեք մոգերուն տեսած աստղին նման:
Խոհագիր
Տուրմով Կաղանդի Ծառեր
Ասիկա շատ համեղ, կլորակ տուրմով կարկանդակ մըն է, որ կը վերածուի կրծուելիք ութ պզտիկ Կաղանդի ծառերու:
Պէտք ունիս
150 կրամ սեւ տուրմ, 50 կրամ ալիւր, 4 հաւկիթ, 100 կրամ շաքար, 150 կրամ կարագ, 2 ապուրի դգալ կաթ եւ զարդարելու համար` հաւկիթի մը ճերմկուցը, քիչ մը շաքար, պզտիկ գունաւոր շաքարներ, Կաղանդի ցպիկ շաքարներ կամ շալիւմօ:
Պատրաստութիւն
1.- Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ:
2.- Կարագը սառնարանէն դուրս հանէ եւ ձգէ, որ կակուղնայ:
3.- Տուրմը կտրտէ եւ զայն հալեցուր 2 ապուրի դգալ կաթով խորունկ ամանի մը մէջ, զոր պիտի դնես տաք ջուրով լեցուն կաթսայի մը վրայ, միջակ կրակի վրայ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ:
4.- Խորունկ ամանի մը մէջ շատ լաւ զարկ կարագը եւ շաքարը, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմակ դառնայ:
5.- Խառնուրդին վրայ աւելցուր տուրմը:
6.- Ապա մէկ մէկ աւելցուր հաւկիթի դեղնուցները եւ վերջապէս` ալիւրը:
7.- Հաւկիթներուն ճերմկուցները մեքենայով զարկ պտղունց մը աղով, մինչեւ որ լաւ մը ուռին: Զգուշութեամբ զայն աւելցուր խառնուրդին վրայ:
8.- Փուռի յատուկ կլոր ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ. մէջը պարպէ խառնուրդը:
9.- Կարկանդակը եփէ 180 աստիճանի վրայ 20-25 վայրկեան մօտաւորապէս:
Ստուգէ անոր եփը` ատամնակրկիտ մը մէջը մտցնելով. եթէ ան չոր ելլէ, կարկանդակը եփած է:
10.- Ձգէ, որ պաղի:
Կաղանդի ծառերը
– Կարկանդակը 8 հաւասար բաժիններու կտրէ:
– Իւրաքանչիւր կարկանդակի բաժինի կլորակ կողմէն մտցուր շաքարէ ցպիկ մը կամ շալիւմոյի կտոր մը:
– Ծառերը զարդարելու համար հաւկիթի ճերմկուց մը շատ լաւ խառնէ 200 կրամ փոշի շաքարով: Կրնաս նաեւ վրան աւելցնել կարկանդակներու յատուկ ներկ:
– Այս խառնուրդով կրնաս ժապաւէններ գծել ծառերուն վրայ եւ զարդարել գունաւոր շաքարներով:
Կաղանդի Առիթով Նուէրի Թուղթով
Ծածկուած Գրասենեակ Մը…
Կաղանդէն քանի մը օր առաջ ամէն մարդ զբաղած է` վերջին նուէրները գնելով, Կաղանդի ճաշի ցուցակը կազմելով, մտածելով իրենց հագուելիքներուն մասին…
Մինչ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ արուեստագիտուհի Ճօ Թորնլիի միակ մտազբաղութիւնը եղած է իր աշխատած գրասենեակին մէջ Կաղանդի մթնոլորտը սփռել: Այս ձեւով ան որոշած է իր գործատիրոջ գրասենեակը ամբողջովին ծածկել նուէրի թուղթով:
Ան ծածկած է ամէն ինչ, աթոռները, գրասեղանը, համակարգիչը, թղթածրարները, թաշկինակի տուփը, գիրքերը, գաւաթները, համակարգիչին մուկը, ստեղնաշարը, նկարներուն շրջանակները, եւ նոյնիսկ գրիչները… Ճօ նշած է նաեւ, թէ գործածուած գունաւոր նուէրի թուղթը ալիւմինիոմ կամ մետաղ չունէր, վերամշակուելի էր եւ զայն կարելի էր դարձեալ գործածել:
Ահա իւրայատուկ ձեւ մը` Կաղանդի շրջանը ա՛լ աւելի հաճելի դարձնելու համար: Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:
Ժամանց