Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնական Մթնոլորտ

Յունուար 4, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

– Խաղաղական ովկիանոսի Մարշալ կղզիներուն մէջ մարդիկ Կաղանդի պատրաստութիւնները ամիսներ առաջ կը սկսին` նուէրներ դիզելով եւ բաժնուելով խումբերու, որոնք Ս. Ծնունդի օրը պիտի մասնակցին երգի ու պարի մրցումին: Անոնք կը շինեն նաեւ մեքսիքական փինիեաթաներու նման կառուցուածք մը, որ Կաղանդի ծառի համապատասխան է, եւ որուն մէջ կը պահուին պզտիկ նուէրներ Աստծոյ համար, ինչպէս` դրամ, օճառ եւ այլն:

– Սկովտիոյ մէջ Հոկմանէյի (տարուան վերջին օրը), այսինքն Նոր տարուան նախօրեակի տօնակատարութիւնները աւելի կարեւոր կը նկատուին, քան` Ս. Ծնունդի տօնակատարութիւնը: Իսկ գիտէի՞ք, թէ Ս. Ծնունդի տօնը արգիլուած էր երկրին խորհրդարանին կողմէ աւելի քան 300 տարիներու ընթացքին: Ան դարձեալ արտօնուեցաւ 1958 թուականին:

– Ամերիկեան Ս. Ծննդեան սովորութիւններէն մէկն է «ֆայնտ տը փիքըլ»-ը: Կաղանդի ծառին վրայ կը պահուըւի թթու դրուած վարունգի ձեւով զարդարանք մը. զայն գտնող անձը կը ստանայ յաւելեալ նուէր մը:

– Փերուի մէջ դեկտեմբեր 24-ը ճանչցուած է «Լա նոչէ պուէնա» (լաւ գիշերը) անունով. ան տօնակատարութիւններու գլխաւոր օրն է: Եկեղեցական արարողութենէն ետք մարդիկ կը վերադառնան տուն` հաւաքուելու ճաշի սեղանին շուրջ, նուէրները բանալու եւ կէսգիշերին իրարու կենաց խմելու: Նուէրները շարուած կ՛ըլլան մսուրին շուրջ եւ ո՛չ Կաղանդի ծառին տակ: Բախտաւոր անձ մը կ՛ընտրուի Յիսուս մանուկին արձանիկը դնելու մսուրին մէջ, Ս. Ծնունդին գիշերը:

– Հակառակ իր քրիստոնէական ժառանգութեան` Եթովպիոյ մէջ Ս. Ծնունդի տօնը մեծ շուքով չի տօնուիր: Անոնք նոյնիսկ այս տօնը կ՛անուանեն Կաննա, որ հոքէի նման գնդակի խաղ մըն է, եւ որ անոնք կը խաղան տարին անգամ մը, Ս. Ծնունդի կէսօրէ ետքը:

– Իսլանտայի մէջ մարդիկ իրարու գիրք կը նուիրեն Ս. Ծնունդի գիշերը, եւ ապա անոնք մնացած ժամերը կ՛անցընեն այդ գիրքերը կարդալով եւ տուրմ ուտելով: Այս սովորութիւնը մաս կը կազմէ Ճոլապոքաֆլոտ կոչուած շրջանի մը, կամ` «Ծնունդի գիրքերու ջրհեղեղը»: Այս ձեւով, միայն Իսլանտայի մէջ է, որ ամէնէն մեծ թիւով գիրքեր կը ծախուին սեպտեմբերի եւ նոյեմբերի միջեւ:

– Կաղանդի պապային առաջին նկարները զայն կը ներկայացնէին իբրեւ խիստ եւ կարգապահ, ձեռքը գաւազան մը բռնած անձ մը:

– Սպանացիները Տիա տէռէյեսի օրը (թագաւորներու օրը` յունուար 6-ին կը հրամցնեն ռոսքոն տէ ռէյես կոչուած քաղցր հաց մը` նշելու համար երեք մոգերուն ժամանումը: Կաղանդի այս կարկանդակը ընդհանրապէս ծածկուած կ՛ըլլայ ճզմուած նուշով, քաղցր չիրերով ու փոշի շաքարով, իսկ երբեմն ալ` մէջը լեցուած զարնուած կամ նուշի քրեմով: Սովորաբար անոր մէջ կը դրուի նաեւ Յիսուս մանուկը ներկայացնող հատիկ մը, եւ զայն գտնողը բախտաւոր կը համարուի եւ կը գնէ յաջորդ տարուան անուշեղէնը:

– Գիտէի՞ք, թէ պտուղներով կարկանդակը եկած է Հին Եգիպտոսէն:

– Ներկայիս սովորութիւն է մէջը բրինձով լեցուած հնդկահաւ հրամցնել տօնական օրերուն: Սակայն գիտէի՞ք, թէ հնդկահաւը Ս. Ծնունդի ճաշացուցակին վրայ սկսաւ դրուիլ 1850-ական թուականներուն միայն, երբ ան փոխարինեց թագաւորներուն նախասիրած խորոված կարապը:

– Կրինլանտի մէջ է, որ Ս. Ծնունդի յատուկ ճաշի` քրվիաքի պատրաստութիւնը ամէնէն շատ ժամանակի կը կարօտի: Այս ճաշին պատրաստութիւնը կը տեւէ ամբողջ եօթը ամիս: Նախ եւ առաջ` ծովարջի ներքին բաժինները կը պարպուին, ապա անոր մէջ կը դրուին 500 ծովային թռչունի տեսակ մը (լման թռչունը` իր փետուրներով), եւ կը ձգուի, որ ժամանակի ընթացքին խմորուի: Ս. Ծնունդի ճաշին օրը ան ուղղակիօրէն ծովարջին մէջէն կը հրամցուի:

– Ուքրանական աւանդական Ս. Ծնունդի ընթրիքի ճաշացուցակը կազմուած է 12 ճաշերէ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Յիսուսի առաքեալներէն մէկը:

– Ղանայի մէջ, բազմաթիւ ընտանիքներ կը հետեւին աւանդական  արարողութեան մը. մարդիկ նոյն գաւաթէն կը խմեն ումպ մը եւ ապա քիչ մը գետին կը թափեն` իբրեւ նուիրատուութիւն իրենց պապերուն:

– Արեւելեան Ափրիկէի երկիրներուն մէջ, ինչպէս` Քենիա եւ Ուկանտա, Ս. Ծնունդի արարողութիւնները մեծ մասամբ շատ աւելի կրօնական են, քան` առեւտրական, ինչպէս որ են արեւմտեան երկիրներուն մէջ:

– Ամէնէն շատ բաժնուած նուէրներէն մէկն է նոր հագուստը` եկեղեցին հագուելու համար: Իսկ մարդիկ կը հաւաքեն քարեր, տերեւներ եւ ուրիշ բնական նիւթեր` իբրեւ նուէր Յիսուս մանուկին: Ս. Ծնունդի գլխաւոր ճաշը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ խորոված այծ:

– Իսկ գիտէի՞ք, թէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ամէն դեկտեմբերի, իբրեւ տօնական շրջանի յատուկ ուտելիք, կը հրամցուի տապկուած Կայսր ցեց թիթեռնիկի թրթուր:

– Գերմանացիները շինեցին առաջին կեղծ Կաղանդի ծառերը` գործածելով ներկուած սագի փետուրներ` անոնց տալով եղեւինի ծառի «տերեւներուն» կերպարանքը:

– Գերմանացիներն են նաեւ, որոնք հնարած են փայլազարդ կեղծ դրասանգները 1610 թուականին. ըստ աւանդութեան, երբ սարդերը իրենց ոստայնը կը շինէին Կաղանդի ծառին ճիւղերուն վրայ, ան արծաթագոյն կը դառնար:

– Սարդի ոստայնի զարդարանքները տարածուած են նաեւ Լեհաստանի մէջ, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, սարդ մը իր ոստայնով ծածկոց մը հիւսած է Յիսուս մանուկին համար: Լեհ ժողովուրդը սարդը կը համարէ բախտի եւ բարգաւաճութեան խորհրդանիշ:

– Հակառակ անոր որ Հնդկաստանի բնակչութեան միայն 2 առ հարիւրը քրիստոնեայ է, Ս. Ծնունդը պաշտօնական տօն է Հնդկաստանի մէջ: Նոյնիսկ ոչ քրիստոնեայ անձերը Ս. Ծնունդը կը տօնեն իրենց տան շուրջը կամ տանիքին վրայ վառելով ձէթի լամբեր:

Մտածե՛նք

Իւրաքանչիւր տախտակի սեւ հաստ շրջագիծով բաժինները ամբողջացուր 1, 2, 3, 4 եւ 5 թիւերով:

– Իւրաքանչիւր թիւ միայն մէկ անգամ կ՛երեւնայ այդ բաժինին մէջ:

– Այս ձեւով, մէկ տուփիկէ կազմուած բաժին մը պիտի ունենայ միայն 1 թիւը: 2 տուփիկէ կազմուած բաժին մը պիտի պարունակէ 1 եւ 2 թիւերը եւ այլն:

– Նոյն թիւը չի կրնար գտնուիլ անոր շուրջ գտնուող որեւէ տուփիկի մէջ, նոյնիսկ` շեղակի կերպով:

– Հնարք. երբ միակ տուփիկ մը գոյութիւն ունի, սկսէ անոր մէջ 1 թիւը դնելով:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել տաք խմիչքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ձօն Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-Ամեակին

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?