ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Տարուան վերջին օրերուն արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Լաւ մտածեցէք նախքան որեւէ որոշում տալը: Որքան ալ իրականութիւնը ցաւցնող ըլլայ, անկէ փախուստ պիտի չկրնաք տալ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր դատը պիտի շահիք եւ ուրախանաք: Պատրաստ եղէք բարի անակնկալներու: Ձեր աշխատանքի ծիրին մէջ դրական փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր բոլոր յոգնութիւնները պիտի վերանան: Ձեր նպատակներէն մէկը պիտի իրականանայ` շնորհիւ ձեր ջանքերուն: Ձեր դժուարութիւնները դիւրութեամբ պիտի յաղթահարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի իմանաք այն բոլոր ճշմարտութիւնները, որոնք պահուած էին ձեզմէ երկար ժամանակ: Տարեմուտը դրական մթնոլորտի մէջ պիտի դիմաւորէք: Ձեր հին հարցերը անցեալին մէջ ձգեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Տարուան վերջին օրերուն նոր գործի մի՛ սկսիք: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան եւ ապահովութեան: Մի՛ չափազանցէք ձեր տօնական գնումներուն մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ընտանեկան եւ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ պիտի անցընէք տարուան վերջին օրերը: Անակնկալ դէպք մը ձեզ շատ պիտի ուրախացնէ: Հին ընկերներու հետ պիտի հանդիպիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Լաւ տրամադրութեան մէջ պիտի ըլլաք այս շրջանին: Համբերեցէք ու մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ: Հանդարտ եղէք ու մի՛ ջղայնանաք աննշան հարցերու պատճառով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Դրական արդիւնք մի՛ ակնկալէք այս շրջանին: Ամէն մէկ հարց լուծման տարբեր եղանակ ու ժամանակ կը պահանջէ, մի՛ աճապարէք: Վերապահ եղէք ու անմիջապէս մի՛ արտայայտէք ձեր կարծիքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Առանձնութիւն պիտի զգաք այս օրերուն, նոյնիսկ երբ շրջապատուած ըլլաք սիրելիներով ու բարեկամներով: Վերատեսութեան պէտք է ենթարկէք ձեր հաշիւները` նախքան տարեմուտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթական գետնի վրայ մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Տնային նորոգութիւններով պիտի զբաղիք այս շրջանին: Ամսուան վերջին օրերուն հաճելի անակնկալ մը ձեզ պիտի ուրախացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ուրախ լուր մը պիտի փոխէ ձեր տրամադրութիւնը: Նիւթական բաւարար շահ պիտի չկրնաք ապահովել այս օրերուն, բայց բոլոր պարագաներուն ալ պէտք է գոհունակ սիրտ ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Տարուան վերջին օրերուն կարեւոր որոշում մը պիտի տաք: Սիրելի մարդոց ներկայութիւնը տօնական շրջանին պիտի փոխէ ձեր տրամադրութիւնը եւ ուրախացնէ: