Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռացած Պասթիան Շվայնսթայկըր պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իբրեւ ամերիկեան «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն` Շիքակօ Ֆայըրի ֆութպոլիստ:
Գերմանացի միջնապահը (32 տարեկան), որ պիտի կրէ թիւ 31 մարզաշապիկը, տարեկան պիտի գանձէ 4,5 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 1 ապրիլին, Մոնրէալի դէմ:
Շիքակօ Ֆայըրէն ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ հայ ֆութպոլիստ Դաւիթ Արշակեան: