Վերջին երեք օրերուն Պէյրութ կը գտնուէր Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն գլխաւոր եւ առաջնահերթ նպատակն էր քննարկել վիճակը Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին, որ 28 ապրիլին պիտի հիւրընկալէ ֆութպոլի եզակի մրցում մը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերան ֆութպոլիստներուն միջեւ:
Թէեւ սպանական ակումբին պատուիրակութիւնը դաշտին առնչուած կարգ մը ցուցմունքներ կատարեց, սակայն Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտի յանձնախումբի նախագահ Ռիատ Շէյխա ըսաւ, որ այդ մրցումին կայացումէն առաջ մարզադաշտը պիտի ըլլայ գերազանցօրէն պատրաստ վիճակի մը մէջ: