Ղազախստանի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումին Գէորգ Ղազարեան, որ ծունկի վնասուածք ստանալով չկրցաւ իր խաղարկութիւնը շարունակել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ, բարեյաջող վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ:
Ըստ նախնական տուեալներու, Մարիթիմոյի միջնապահը աւելի քան 6 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ էին իր ստացած վնասուածքով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որ Գերմանիա իր մեկնումը արագացուց: