Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթասկիզբին ՖԻՖԱ-ն 4 մրցումով կախակայեց Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսին, որ Չիլիի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի մրցաշարքի զտումի մրցումին անարգած էր իրաւարարը:
Պարսելոնայի յառաջապահը` իբրեւ բողոք այդ վճիռին դէմ, ՖԻՖԱ-ին ուղարկած իր նամակին մէջ կը նշէ.
«Կտրականապէս կը հերքեմ, որ ես անարգեցի կամ անպատուեցի իրաւարարը: Կողմի այդ իրաւարարը պրազիլցի է եւ շատ լաւ կը հասկնայ իմ ըսածներս: Մենք նոյնիսկ ընկերական զրոյց ալ ունեցանք: Խօսքերս վիրաւորական չէին անոր համար: Ես այդ խօսքերս արտայայտած եմ օդին մէջ եւ անոնց համար բնականաբար ներողութիւն կը խնդրեմ»: