19-23 ապրիլին Ռումանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը:
Հայկական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ վեց մարզիկով:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներն են.
Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Թովմասեան, Յարութիւն Մերդինեան, Վիգէն Խաչատրեան եւ Արմէն Պետրոսեան: