
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Օքլահոմա Սիթիի մարզիկ Ռասըլ Ուեսթպրուք յիշատակելի «թրիփըլ-տապըլ»-ի մը հեղինակը դարձաւ:
Օքլահոմա Սիթիի դէմ իր կազմին արձանագրած (երկարաձգումէն ետք) յաղթանակին ընթացքին (114-108), ան տարեշրջանի իր 38-րդ «թրիփըլ-տապըլ»-ը իրագործեց սքանչելի ձեւով (57 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ)` նկատի ունենալով, որ ան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ այդ իրագործումը կը կատարէ ամէնէն շատ կէտը նշանակելով:
Նախապէս Ճէյմս Հարտեն (31 դեկտեմբեր 2016) եւ Ուիլ Չէյմպըրլէյն (1967-1968) «թրիփըլ-տապըլ»-ներ իրագործած էին` նշանակելով 53-ական կէտ:
Նշենք, որ Ուեսթպրուք այսպիսով իր ասպարէզին 75-րդ «թրիփըլ-տապըլ»-ը իրագործեց:
Տարեշրջանի մը ընթացքին «թրիփըլ-տապըլ»-ի մրցանիշը կը պատկանի Օսքար Ռապըրթսընի, որ 1961-ին «թրիփըլ-տապըլ» կատարած է 41 անգամ:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Նիւ Օրլինզ 121-118 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մավըրիքսին: Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ) նշանակեց 30 կէտ, իսկ Տըրք Նովիթցքի (Մավըրիքս)` 23 կէտ:
Երէկուան մրցումներէն ետք աւելի յստակացան փլէյ-օֆի մրցումներուն մասնակցող եւ անոնցմէ դուրս մնացող կազմերուն անունները:
Ցարդ պատկերը հետեւեալն է.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ (իրենց տոմսերը ապահոված):
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Նիւ Եորք Նիքս, Օրլանտօ Մեճիք եւ Պրուքլին Նեթց (դուրս մնացած):
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Հիուսթըն Ռոքեթց, Եութա Ճեզ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւ Օքլահոմա Սիթի (իրենց տոմսերը ապահոված):
Ֆէոնիքս Սանզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (դուրս մնացած):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Աթլանթա Հոքս | 92-99 |
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի | 106-114 |
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս | 100-103 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 106-110 |
Նիւ Եորք Նիքս – Մայեմի Հիթ | 88-105 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ | 110-97 |
Նիւ Օրլինզ – Տալաս Մավըրիքս | 121-118 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 98-110 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 133-124 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ | 82-112 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց