Երէկ կէսօրին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ «Քափելլի Սփոր» ընկերութեան միջեւ:
Ըստ կնքուած համաձայնագիրին, վերոնշեալ ընկերութիւնը յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի բոլոր դասակարգերու ազգային խումբերուն մարզական բոլոր տեսակի տարազաւորումը պիտի ստանձնէ: