Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Ա. խմբակին մաս կազմող խումբերը կը կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը:
ՀՄԸՄ հիւրը պիտի ըլլայ Լուէյզիի, մինչ Սաժես իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 17:30-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Բ. հանգրուանի իր մրցումները սկսաւ յաղթանակով, մինչ Լուէյզի պարտութիւն մը կրեց:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ ելոյթներու իրենց շարքը շարունակելով ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել` հաստատ մնալու համար Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ:
Այսօրուան իր այս մրցումը կատարելէ երկու օր ետք, կիրակի օր ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին:
Նշենք, որ Բ. խմբակին մէջ երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Ռիատի, որ 79-68 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շանվիլի դաշտէն, այժմէն ապահովեց Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ անոր անմիջական մրցակիցը` Մութթահետ, յոյս չունի գրաւելու առաջին դիրքը, որովհետեւ հիւսիսեան խումբը երէկ գիշեր 75-71 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թատամոնէն:
Այժմ պայքարը բաւական սուր պիտի ըլլայ Շանվիլի եւ Թատամոնի միջեւ` խոյս տալու համար 4-րդ դիրքէն:
Մինչ տարբեր է պարագան Ա. խմբակին մաս կազմող Սաժեսի համար, որ շատ չնչին յոյս ունի գրաւելու երրորդ դիրքը: