Այս ամրան Եւրոպայի ֆութպոլի փոխանցումներու «շուկան» բաւական փոթորկոտ էր, արդարեւ մրցանիշներ արձանագրուեցան կարեւոր 5 ախոյեանութիւններու:
Անգլիոյ Փրեմիեր լիկի ակումբները ծախսեցին աւելի քան 3 պիլիոն սթերլինկ փաունտ` գերազանցելով 2023-ին 2.4 պիլիոն սթերլինկ փաունտի մրցանիշը:
Այս ծախսերը անշուշտ պայմանաւորուած շարք մը գործօններով` Եւրոպայի եւ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու, մոնտիալի անգլիական ակումբներու յաջողութիւններ, մեծ ծանուցումներու համաձայնագիրներ, պատկերասփիւռի վերաբերող եկամուտներու երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ ներքին ծախսերու աճ:
Լիվըրփուլ սահմանեց փոխանցումներու նոր մրցանիշ` (144 միլիոն եւրօ) Նիւքեսըլէն ձեռք բերելով Ալեքսանտր Իսաքը` 125 միլիոն սթերլինկ փաունտի:
Փրեմիեր լիկի այս ամրան 2-րդ ամէնէն սուղ փոխանցումը կատարեց նոյնինքն Լիվըրփուլ, որ 125 միլիոն եւրոյի փոխան ձեռք ձգեց գերմանացի Ֆլորիան Վիրցը` Պայեր Լեւերքուզընէն: Հետաքրքրականը այդ է, որ 3-րդ ամէնէն «սուղ» մարզիկն ալ Լիվըրփուլի միացաւ` Ուկօ Էքիթիքէն 95 միլիոն եւրոյի փոխան` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն:
Ստորեւ Փրեմիեր լիկի ամէնէն «սուղ» 5 փոխանցումները.
1.- Ալեքսանտր Իւաք Նիւքեսըլէն` Լիվըրփուլ, 144 միլիոն եւրօ
2.- Ֆլորիան Վիրց, Լեւերքուզընէն` Լիվըրփուլ, 125 միլիոն եւրօ
3.- Ուկօ Էքիթիքէ, Ֆրանքֆորթէն` Լիվըրփուլ 95 միլիոն եւրօ
4.- Նիք Վոլթըմատէ, Շթութկարթէն` Նիւքեսըլ 85 միլիոն եւրօ
5.- Պրայըն Էմպեումօ, Պրենթֆորտէն` Մանչեսթըր Եունայթըտ, 75 միլիոն եւրօ:
Ճիշդ է, որ Լիվըրփուլ 391 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախսեց, բայց ան փոխարէն շահեցաւ 187.6 միլիոն` այլ մարզիկներ «ծախելով», եւ մօտ 23 միլիոն սթերլինկ փաունտ աւելի նուազ ծախսեց, քան Լոնտոնի Արսենալը:
Արսենալ 246.2 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախսեց` փոխարէնը 9.5 միլիոն սթերլինկ փաունտ ստանալով մեկնող մարզիկներէ:
Սպանիա, Լիվըրփուլի նման վարուեցաւ, Ռէալ Մատրիտ Տին Հաուսընի, Ալվարօ Քառերասի եւ Ֆրանքօ Մասթանթունոյի ձեռք ձգեց` ծախսելով մօտ 158 միլիոն եւրօ, Սպանիոյ առաւելագոյն գումարը:
Գերմանիոյ մէջ Պայեր Լեւերքուզըն օգտուեցաւ Ֆլորիան Վիրցի փոխանցման գումարէն` ձեռք ձգելով Ճերըլ Քուանսան (Լիվըրփուլէն), Մալիք Թիլմանը (ՓՍՎ Այնտհովընէն) եւ Էլիէս Պեն Սեղիրը (Մոնաքոյէն):
Պայէրն Միւնիխ 70 միլիոն եւրօ «ծախսեց»` ձեռք ձգելով Լուիս Տիասը` Լիվըրփուլէն, մինչ գումարը ապահովեց Լիրոյ Սանքի (Կալաթասարայ), Մաթայս Թելի (Թոթենհամ), Քինկզլի Քոմանի (Նասր) եւ Փոլ Վանըրի (ՓՍՎ Այնտհովըն) «վաճառքէն»:
Պայերն չնչին գումարներով ձեռք ձգեց նաեւ Նիքոլաս Ճեքսընը (Չելսիէն), Եոնաթան Թահը (Լեւերքուզընէն) եւ Թոմ Պիշոֆը (Հոֆենհայմէն):