Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան Յաղթեց Իրլանտային

September 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026-ի մոնտիալի զտումի իր երկրորդ մրցումին, Հայաստան Զ. խմբակէն ներս, 2-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Իրլանտային դէմ «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ:

9 սեպտեմբերին տեղի ունեցած մրցումի 45-րդ վայրկեանին, Լուքաս Սելարաեանի վրայ ֆաուլէ մը ետք, Էդուարդ Սփերձեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը:

Այս կոլը Սփերձեանի 10-րդն էր ազգային խումբի շապիկով եւ 3-րդը Իրլանտայի դէմ մրցումներու ընթացքին:

Երկրորդ կիսախաղին, Հայաստան շարունակեց իր վտանգաւոր հակայարձակումները եւ 51-րդ վայրկեանին Հրանդ Լեոն Ռանոս նշանակեց Հայաստանի 2-րդ կոլը 2 տարի ազգային խումբին հետ կոլ չնշանակելէ ետք:

Նաիր Թիկնիզեան շատ գեղեցիկ փոխանցում մը ստացած էր Սփերձեանէն եւ իր կարգին փոխանցեց Ռանոսի, որ դիւրութեամբ գրաւեց Իրլանտայի բերդը:

57-րդ վայրկեանին փոքր սխալէ մը օգտուելով Այիր նշանակեց կոլ մը` Էվըն Ֆերկիւսընի շնորհիւ:

88-րդ վայրկեանին Արթուր Սերոբեան գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց Նաիր Թիկնիզեանի գեղեցիկ խաղարկութենէն ետք, սակայն «ՎԱՐ» չվաւերացուց կոլը, որովհետեւ Նաիր քանի մը սանթիմեթրով օֆսայտի դիրքի մէջ կը գտնուէր, երբ ստացած էր գնդակը:

3 կէտ ձեռք ձգելէ ետք, Հայաստան մոռացութեան ենթարկեց Փորթուգալի խաղը եւ բոլորովին տարբեր ձեւի խաղ կիրարկեց:

Բերդապահ Օգնյեն Չանչարեւիչ փոխարինած էր վիրաւոր Հենրի Աւագեանը, իսկ Ռանոս փոխարինած էր Վահան Պիչախչեանը, 4-4-2 խաղաոճը փոխելով 4-2-3-1-ի:

Կարեւորագոյն կէտին` պաշտպանողական գիծին վրայ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան Էրիկ Փիլոյեան, Գէորգի Յարութիւնեան, Սերգէյ Մուրատեան եւ Նաիր Թիկնիզեան, որոնք բարձր մակարդակ ցոյց տուին:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան մամուլին հետ զրուցելով ըսաւ. «Այո՛, շատ առիթներ ունէինք, բայց ֆութպոլի մէջ ամէնէն բարդ բաժինը մրցումը յաղթանակով աւարտելն է: Գոհ եմ եւ չեմ ուզեր մտածել այդ կոլերուն մասին, որոնք չնշանակուեցան: Չեմ ուզեր խօսիլ մարզիկներուն մասին, բայց պաշտպանները շատ մեծ աշխատանք կատարեցին:

5-0-էն ետք շատեր մեզի ծափահարեցին, եւ ես հասկցայ ատոր խոր իմաստը: Շատեր կը կարծէին, թէ ես տխուր չեմ, բայց ես պարզապէս դրական էի, որովհետեւ ես եմ մարզիչը եւ զիս յուսախաբ պէտք չէ տեսնել: Քանի մը օր չեմ քնացած, որպէսզի ուրախութիւն պարգեւենք մեր համակիրներուն: Մի՛ նեղացնէք մեզի, այլ հաւատացէք մեզի: Առանց ձեր հաւատքին դժուար է, քանի որ շատ հարցեր ունինք: Քննադատելը ամէնէն դիւրին բանն է: Չեմ ուզեր յաղթանակի արժէքը աւելի մեծցնել, բայց այս մէկը շատ կարեւոր քայլ է դէպի առջեւ: Ապագային ունինք բարդ խաղեր, բայց մենք կ՛աշխատինք խաղ առ խաղ այդ հարցերը լուծել:

«Փորթուգալի դէմ մրցումէն շատ փոխած էի խաղաձեւը, ուստի պէտք է երկար ու շատ աշխատիլ, կայունութեան համար:

«Հանդերձարանին մէջ ըսի, որ մեր ազգը յաղթանակներու կարիք ունի, մենք մեզի ըսինք` եկէք այդ պատասխանատուութիւնը մեր վրայ առնենք եւ մեր ազգին պարգեւենք այդ յաղթանակը»:

Մոնտիալի զտումի ծիրին մէջ նոյն խմբակին մաս կազմող Փորթուգալի մարզիկ Ժոաօ Քանսելօ 86-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց` յաղթանակը շնորհելով իր խումբին, որ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Հունգարիոյ դաշտին վրայ:

Ռոնալտօ նշանակած էր փենալթի մը, որ 2-1 արդիւնքով Փորթուգալը յառաջ տարած էր: Ասիկա մոնտիալի զտումներու պատմութեան 39-րդ կոլն էր, որ զինք հաւասարեցուց Կուաթեմալայի Քարլոս Ռուիսի մրցանիշին` իր միջազգային կոլերը հասցնելով 141-ի:

Քիլիան Էմպափփէ կրցաւ Ֆրանսան յաղթանակի առաջնորդել Իսլանտայի դէմ (2-1), մինչ Անգլիոյ ազգային խումբը իր առաջին գեղեցիկ մրցումը կատարեց գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխելի հետ եւ 5-0 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Սերպիոյ դէմ:

Օրուան հերոսն էր Մանչեսթըր Սիթիի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ որ 5 կոլեր նշանակեց ի նպաստ Նորվեկիոյ որ 11-1 արդիւնքով «թեթեւ» յաղթանակ մը արձանագրեց Մոլտովայի դէմ:

Ստորեւ արդիւնքները.

Կիպրոս – Ռումանիա 2-2
Նորվեկիա – Մոլտովա 11-1
Ալպանիա – Լաթվիա 1-0
Պոսնիա – Աւստրիա 1-2
Սերպիա – Անգլիա 0-5
Հունգարիա – Փորթուգալ 2-3
Ֆրանսա – Իսլանտա 2-1
Ազրպէյճան – Ուքրանիա 1-1

Նախորդը

Եու. Էֆ. Սի. «Թոփուրիա Կը Խուսափի Ծառուկեանէն…» Ըսաւ Մախաչեւ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Պուլկարիա Առաջին Զտումի Մրցում

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.