13-21 սեպտեմբերին Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
5 հայ ըմբիշներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս ախոյեանութեան: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը ներկայացուց զանոնք` հետեւեալ ձեւով.
57 քկ կշիռի մրցումներուն Արսէն Յարութիւնեան պիտի ըլլայ հայ ներկայացուցիչը, 61 քկ կշիռի մրցումներուն Մանուէլ Խնձերցեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, 65 քկ կշիռի մրցումներուն` Վազգէն Թեւանեան, 70 քկ կշիռի մրցումներուն` Արման Անդրէասեան իսկ 74 քկ կշիռի մրցումներուն` Հրայր Ալիխանեան:


