Գերմանիոյ Պունտըսլիկայի 2023-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն յայտարարեց, թէ մարզիչ նշանակած է դանիացի Քասփըր Եուլմաննը մինչեւ 2027-ի յունիս 30-ը:
Եուլմանն որ 2020-ի օգոստոսէն 2024-ի յուլիսին Դանիոյ ազգային խումբին մարզիչն էր, նախապէս մարզած է նաեւ գերմանական Մայնց ակումբը: Ան փոխարինեց Էրիք Թեն Հակը: Լեւերքուզըն իր 2 մրցումներէն միայն 1 կէտ ապահոված է եւ կը գրաւէ ախոյեանութեան դասաւորման 12-րդ դիրքը:
Անգլիոյ Նոթինկհամ Ֆորեսթ ակումբը խզած է իր կապերը փորթուգալցի մարզիչ Նունօ Էսփիրիթօ Սանթոյի հետ, որուն յարաբերութիւնները վատթարացած էին ակումբի տիրոջ` Էվանճելոս Մարինաքիսի հետ, ինչ որ պատճառ դարձաւ այս քայլին:
51 տարեկան փորթուգալցի մարզիչը շատ յաջող տարեշրջան մը բոլորած էր անցեալ տարի` գրաւելով 7-րդ դիրքը, եւ 30 տարիներէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով ապահովելով եւրոպական բաժակներու մասնակցելու իրաւասութիւն:
Սակայն Նունօ քննադատած էր ամառնային փոխանցումներու «ձախող» ժամանակը` ըսելով, որ ակումբը յառաջդիմելու առիթ մը կը կորսնցնէ:
Մարինաքիս, որ ունի նաեւ Յունաստանի ախոյեան Օլիմփիաքոս ակումբը, զօրաւոր անձնաւորութիւն մըն է եւ շատ լաւ գիտէ ինչպէ՛ս կը կառավարեն ակումբը:
Անցեալ ամիս Նունօ յայտնած էր, թէ խումբին տիրոջ հետ կապերը միայն կարծիք փոխանակուելու համար էին, բայց վերջերս անոնց յարաբերութիւնը այդքան ալ լաւ չէր:


