Մոնթերէի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս խոստովանած է, որ կը փափաքի շահիլ «Կրեմի» երաժշտական մրցանակը, իսկ աւելի ուշ` Չեմփիընզ լիկը` իբրեւ մարզիչ:
«Ես լաւատես եմ: Միշտ մարդոց խորհուրդ կու տամ երազելու… ես կը պատկերացնեմ շահիլ Չեմփիընզ լիկը իբրեւ մարզիչ եւ Կրեմի շահիլ յառաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին, թերեւս ալ` աւելի կանուխ: Կեանքի այս փուլին կը փափաքիմ զբաղիլ երաժշտութեամբ` իմ փորձառութիւնս բաժնեկցելով մարդոց հետ: Յառաջիկայ 5-7 տարիներուն ես կը պատկերացնեմ, որ աւելի շատ կը զբաղիմ երաժշտութեամբ, քանի որ երաժշտութիւնը թոյլ կու տայ ստեղծագործել եւ տունը ըլլալ. ժամանակ յատկացնել ընտանիքին», ըսաւ Ռամոս:
Սեպտեմբերի սկիզբը, 39 տարեկան սպանացի ֆութպոլիստը հրապարակեց իր առաջին երգը, որ կը կոչուի «Սիպել» ի պատիւ Ռէալ Մատրիտի, ուր Սպանիոյ մայրաքաղաքի համակիրները կը նշեն ակումբի յաղթանակները:


