Եու. Էֆ. Սի.-ի թեթեւ կշիռի նախկին ախոյեան Իսլամ Մախաչեւ վերջերս կարծիքը յայտնած է այն մասին, թէ ինչպիսի մենամարտ կրնայ ըլլալ այժմու ախոյեան վրացի Իլիա Թոփուրիայի եւ Արման Ծառուկեանի միջեւ:
Ըստ Մախաչեւի, Իլիա Թոփուրիա կը խուսափի Ծառուկեանի դէմ հանդիպումէն:
«Գաղտնիք չէ, որ Թոփուրիա կը խուսափի Ծառուկեանէն: Ես քանի մը տեսանիւթ դիտեցի համացանցի վրայ, ուր Իլիա կ՛ըսէ, թէ ան կը նախընտրէ աւարտել իր ասպարէզը, քան մենամարտիլ իրեն դէմ: Կը կարծեմ, թէ այժմ Արման աւելի ուժ հաւաքած է: Ան գործող ախոյեանի համար ամէնէն լուրջ մրցակիցն է», յայտնեց ան:
Եու. Էֆ. Սի.-ի պատմական նախկին մարտիկ Խապիպ Նուրմակոմետով իր կարգին գովաբանեց Արման Ծառուկեանը` ըսելով. «Ենթադրենք, որ Ծառուկեան կը մենամարտի Թոփուրիայի դէմ: Թոփուրիայի համար որեւէ հնարաւորութիւն չեմ տեսներ: Արման մրցակիցներուն միշտ ալ կրնայ իրմէ հեռու պահել: Ան լաւ ձեւով կը պաշտպանուի յարձակողական ոճ ունեցող մարտիկներու դէմ, եւ կ՛աշխատի ոտքերով: Իմ կարծիքովս 80 առ հարիւր հաւանականութիւն կայ, որ Արման ախոյեան դառնայ: Անոր ըմբշամարտը, ճնշումը, հասակը այս բոլորը նկատի պէտք է առնել: Ան 10 սմ աւելի հասակ ունի եւ աւելի ծանր քան Իլիան: Կը կարծեմ, թէ թեթեւ կշիռի լաւագոյն մարտիկը Ծառուկեանն է, անշուշտ նկատի չառնելով Իսլամ Մախաչեւը»: