Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտան 2026-ի մոնտիալի Հարաւային Ամերիկայի զտումի մրցումները` անակնկալ արդիւնքներով:
Արդարեւ, առաջին դիրքը գրաւող Արժանթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Բ. դիրքը գրաւող Էքուատորի դաշտին վրայ, մինչ Պրազիլ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոլիվիայէն, որ գրաւեց 7-րդ դիրքը` յոյսերը պահելով 2026-ի մոնտիալի հասնելու:
3-րդ դիրքը գրաւող Քոլոմպիա 6-3 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վենեզուելան, այս վերջինին դաշտին վրայ վերջ դնելով մոնտիալի հասնելու անոր յոյսերուն:
Պոլիվիա այժմ պիտի մրցի փլէյ-օֆի վերջին զտումներուն, որոնց պիտի մասնակցին այլ ցամաքամասերէ ազգային խումբեր:
Պէտք է նշել, որ առայժմ 18 խումբեր հասած են 2026-ի մոնտիալի, եւ ապահոված իրենց տոմսերը, կը մնայ 30 տոմսեր, որոնք կ՛ամբողջացնեն 48 մասնակից խումբերը:
Ճափոն, Նոր Զելանտա, Իրան, Արժանթին, Ուզպեքիստան, Յորդանան, Հարաւային Քորէա, Աւստրալիա, Էքուատոր, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, Քոլոմպիա, Փարակուէյ, Մարոք եւ Թունուզ միացան հիւրընկալ երկիրներ` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի: