Յառաջիկայ տարեշրջանի Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտի «Էսթատիօ Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ:
Այս որոշումը վերջերս տրուեցաւ Թիրանայի մէջ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի դիւանին ժողովէն ետք, ուր նկատի առնուեցաւ նաեւ Վարշաւայի (Լեհաստան) դաշտը իբրեւ հիւրընկալ` աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի դաշտ:
Մատրիտի առաջարկը աւելի ընդունելի էր, քան Պաքուի դաշտը, որ քիչ մը եւս պէտք է սպասէ «Չեմփիընզ լիկ» հիւրընկալելու առաջին անգամն ըլլալով: Այս մէկուն մէջ դեր ունէր նաեւ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ կացութիւնը:
2019-ին Պաքու հիւրընկալած էր «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականը, ուր Չելսի 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Արսենալը: 2021-ի Եուրոն հիւրընկալած էր 4 մրցումներ, մինչ Ֆորմիւլա 1-ի կրան փրիներ ալ կը հիւրընկալէ Ազրպէյճան, հակառակ երկրին ընկերային վատ կացութեան:
Սկզբունքով Միլան պիտի հիւրընկալէր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականը, սակայն կազմակերպչական հարցերու պատճառով որոշում տրուած էր Մատրիտ փոխադրել:
Նշենք, թէ այս տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականը տեղի պիտի ունենայ «Փուշքաշ Արենա»-ի մէջ` Պուտափեշթ (Հունգարիա):
2019-ին Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտը հիւրընկալած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը, ուր Եուրկըն Քլոփի Լիվըրփուլը 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Թոթենհամի: