Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարէս մտադիր է իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ:
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, արժանթինցի ֆութպոլիստը արդէն իր շրջապատը տեղեակ պահած է, որ 2026-ին (ամրան) ան կը փափաքի Պարսելոնա տեղափոխուիլ: Ան պատրաստ է ճնշում բանեցնել մատրիտեան ակումբին ղեկավարութեան վրայ:
Կը նշուի, որ Ալվարէսի այս փափաքը կապուած է Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի նոր մարտավարական գաղափարներու հետ, որոնք արժանթինցի ֆութպոլիստին «յարմար չեն»: Ան վստահ է, որ կրնայ դառնալ Պարսելոնայի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի յաջորդը, մանաւանդ որ Պարսելոնան նպատակ չունի այս վերջինին հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու:
Միակ հարցը կրնայ ըլլալ Ալվարէսի պահանջած բարձր վարձատրութիւնը` մօտ 80 միլիոն եուրօ: Այս տարեշրջանին Խուլիան Ալվարէս 3 մրցում կատարած է Աթլեթիքոյի հետ` նշանակելով 1 կոլ:


