Փորթուգալցի աշխարհահռչակ մասնագէտ Ժոզէ Մուրինիօ խօսած է ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներու վէճերուն մասին` ընդգծելով որ անարդար է համեմատել տարբեր ժամանակաշրջաններու ֆութպոլիստներուն:
Ան կը կարծէ, թէ երիտասարդ սերունդը բաւարար գիտելիքներ չունի անցեալի պատմական աստղերուն մասին, եւ հաշուի չեն առնուիր անոնց ժամանակուան պայմանները:
«Երիտասարդ սերունդը քիչ բան գիտէ Փելէի, Էօզեպիոյի, Պեքընպաուըրի մասին եւ անոնց ֆութպոլը կը համեմատէ այսօրուան հետ: 40 տարի առաջ, երբ անձրեւէր, գնդակը կը կշռէր 10 քկ, իսկ հիմա` կը թռչի: Նոյնիսկ դաշտի վիճակը տարբեր կ՛ըլլար: Կը կարծեմ, թէ անարդար եւ երբ նման բան կը լսեմ, ինծի համար հաճելի չէ: Երիտասարդները ճիշդ չեն պատկերացներ այդ պատմական մարզիկներուն խաղը եւ զանոնք կը բաղդատեն ժամանակակից պայմաններու հետ», ըսաւ Մուրինիօ:


