Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` պարտութեան մատնելէ ետք ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքը եւ արձանագրելով 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին Արոնեան իր դէմ պիտի ունենայ ռուս Փիթըր Սվիտլեր – ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւ մրցումին յաղթականը:
Կիսաւարտականի յաջորդ զոյգը կը կազմեն ամերիկացի Ուեսլի Սօ եւ չին Տին Լիրեն:


