 Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Շապապ Սահել իր դաշտին վրայ (Հարեթ Հըրէյք) ներկայացուց իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին:
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Շապապ Սահել իր դաշտին վրայ (Հարեթ Հըրէյք) ներկայացուց իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին:
Ակումբի նախագահ Ֆետի Ալամէ յայտարարեց, որ խումբը շատ արագ պիտի վերադառնայ Ա. դասակարգ` բոլորին միացեալ աշխատանքով:
Ապա ներկայացուեցան խումբին մարզիկները եւ մարզիչ Մահմուտ Համմուտը:
Այս առիթով Շապապ Սահելի խմբապետ Զուհէյր Ապտալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ընդառաջելով ակումբին այս հրաւէրին, իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կանգնեցան խումբին:
Շապապ Սահել իր այս հանդիսութիւնը կազմակերպած էր «Կը վերադառնանք» կարգախօսին ներքեւ:
 
			

