Պելճիքա Պրիւքսելի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աւստրալիոյ, ապահովեց թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի աւարտականին իր տոմսը, ուր 24-26 նոյեմբերին հիւրը կ՛ըլլայ Ֆրանսայի:
Վերջինս աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սերպիոյ:
9 անգամ ախոյեան հանդիսացած Ֆրանսա պիտի փորձէ տիրանալ իր 10-րդ տիտղոսին, կազմի մը դէմ, որ 2015-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Այլ գետնի վրայ, «Տէյվիս Քափ»-ի տիտղոսակիր Արժանթին, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցաշարքէն, փոխադրուեցաւ այն խմբակին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան զտումի մրցումներ:
Այսպիսով, այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ Արժանթին հանդիսացաւ երրորդ խումբը, որ իբրեւ տիտղոսակիր կը փոխադրուի զտումի հանգրուան:


