«Տը Պիլտ» կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ եւ խմբապետ Մանուէլ Նէօյըր քանի մը ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, ոտքին կոտրտուքէն ապաքինելու համար:
31 տարեկան Նէօյըր նախորդ տարեշրջանին եւս վիրաւորուեցաւ եւ շուրջ մէկ ամիսով բացակայեցաւ դաշտերէն:


