Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պէյրութի ակումբը այսօր` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին կը յայտարարէ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի տարեկան մրցաշարքը, որ կը սկսի 24 սեպտեմբերին:
Կը կարծուի, որ նախորդ տարիներուն նման, այս մրցաշարքը դարձեալ պսակուի յաջողութեամբ` նկատի ունենալով, որ խումբերուն մէջ միշտ ալ ներկայ եղած է մարզական ոգին եւ ծաւալած է պայքար` միայն տիտղոսին տիրանալու համար:


