Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքօ մինչեւ 2022 նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 2022 մնալ արքայական ակումբին հետ: 25 տարեկան Իսքոյի պայմանագրութիւնը սկզբունքով կ՛աւարտէր յառաջիկայ տարուան ամրան:
Իսքօ, որ 2013-ին Մալակայէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ, իր կազմին հետ կատարած 197 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 34 կոլ եւ 46 էսիսթ:
Մայրաքաղաքի կազմը յայտնեց, որ Իսքոյի հրաժարագինը կը կազմէ 700 միլիոն եւրօ:


