Մարզական

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Արտերկրի Մէջ Բնակող Լիբանանցիներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք Կազմակերպելու Գծով

Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Արտերկրի Մէջ Բնակող Լիբանանցիներու Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք Կազմակերպելու Գծով

Մարոքեան օդանաւային ընկերութիւնը երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին, «Ճեֆինորի մէջ (Համրա) գտնուող իր գրասենեակին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը (յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին), որուն ընթացքին 26-29 հոկտեմբերին Աթլեթիքոյի դաշտերուն վրայ (Տըպպայէ) մինի ֆութպոլի մրցաշարք մը կազմակերպելու մասին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արտերկրի մէջ բնակող լիբանանցիները: Անոր պիտի մասնակցին ութ խումբեր. եօթն` արտերկրէն, իսկ մէկը` Լիբանանէն:

ՖԻՖԱ. Հայաստան Նահանջեց

ՖԻՖԱ-ի հրապարակուած վերջին դասաւորումին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 11 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 83-րդ դիրքը: Գերմանիա բարձրացաւ առաջին դիրք` իր ետին ձգելով Պրազիլը, Փորթուգալը եւ ուրիշներ:

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Հայկական Առաջին Խումբը,  Որ Լիբանանի Ախոյեան Կը Դառնայ

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Հայկական Առաջին Խումբը, Որ Լիբանանի Ախոյեան Կը Դառնայ

Չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին սկսան Լիբանանի ճատրակի 2017-ի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 10 խումբերու: Անոնք են` Լիբանանեան բանակ, Անդրանիկ Անթիլիաս, Սովիեթներ, Քֆարշիմա, Անիմասիոն, Թանմիէ, Ֆրերներ, Ահլի Սայտա, Անսար եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Իւրաքանչիւր օր, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ, տեղի ունեցան հանգրուանի մը մրցումները, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ` հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին:...

Նշմար. Ֆութպո՞լ… Թէ՞ Քաղաքականութիւն

ՍԱԳՕ ԷՍԿԻՃԵԱՆ 18 յուլիս 2017-ին Երեւանի Հանրապետական դաշտին վրայ կը դիտէի Ալաշկերտ - Պաթէ Պորիսով «Չեմփիընզ լիկ»-ի դարձի մրցումը եւ կը յուսայի, որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական խումբ մը անցնէր յաջորդ հանգրուան: Դժբախտաբար մեր բոլորին յոյսերը ի դերեւ ելան, եւ Հայաստանը դուրս մնաց ֆութպոլի աշխարհին մէջ պատմութիւն կերտելու առիթէն: Միւս կողմէ, 23 օգոստոս 2017-ին ազրպէյճանական Ֆ. Ք. Ղարաբաղ խումբը (անարդարօրէն...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Միջազգային 27-րդ Մրցաշարք. Ռիատի Եւ Չերքազի Հասան Աւարտականին

Այսօր` ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, իր աւարտին կը հասնի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ուքրանական Չերքազի խումբին միջեւ: Երէկ տեղի ունեցած կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին Չերքազիին չկրցաւ յաղթել, երբ մրցումին վերջին 20 երկվայրկեանին յաղթանակը փախցուց իր ձեռքէն` կրելով մէկ կէտի տարբերութեամբ` 78-77...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին 2015-2016 Տարեշրջանի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Կատարելիք Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, այսօր` ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը` Մապարրա - Պըրժ բացման մրցումով: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 17 սեպտեմբերին` հիւրը ըլլալով Ահլի Սայտայի: Նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը նորոգութեան ընթացքին մէջ է, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի դաշտ նկատի առնուած է Ահտի դաշտը, ուր ՀՄԸՄ երթին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ակումբներուն Օտարական Մարզիկները

Լիբանանի ֆութպոլի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան նախօրեակին, ֆետերասիոնը պաշտօնապէս փակուած յայտարարեց մարզիկներու փոխանցումներուն սակարանը: Ա. դասակարգի խումբերը, փորձելէ ետք շարք մը օտար մարզիկներ, վերջնականապէս յստակացուցին իրենց մաս կազմող 3 օտարականները: Ստորեւ` տասը խումբերուն օտար մարզիկները. ԱՀՏ.- Իպրահիմա Տիուպ (Սենեկալ), Իսա Եաաքուպու (Ղանա), Իտրիս Քուփաթի (Փղոսկրեայ Ափունք): ԱՆՍԱՐ.- Ապու Պաքըր Քամար (Կինէա), Մալեք Թալ (Սենեկալ), Թալա Նտայ (Սենեկալ): ՆԸԺՄԷ.- Մահմուտ Ֆաթհալլա (Եգիպտոս),...

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի.  «Քարթինկ Էնտիւրընս Ռէյս»-ի Առաջին Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հետաքրքրական Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի. «Քարթինկ Էնտիւրընս Ռէյս»-ի Առաջին Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հետաքրքրական Մթնոլորտի Մէջ

Հսկողութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի եւ գործակցութեամբ «Այ. Էս. Էմ. Ճի.»-ի, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք), նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Քարթինկ Ռէյս Էնտիւրընս»-ի առաջին մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ընկերութիւններու եւ դրամատուներու խումբերը: Այդ տասը խումբերը (իւրաքանչիւրը` 4 անդամ), ճիշդ 2 ժամ պիտի վարէին իրենց ինքնաշարժները վազքուղիին վրայ: Մրցումին ընթացքին վարորդները փոխն ի փոխ կը հանգչէին: Առաջին...

Ճատրակ.  Լիբանան Ունեցաւ Նոր Ախոյեան Մը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Ճատրակ. Լիբանան Ունեցաւ Նոր Ախոյեան Մը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն ՀՄԸՄ Անթիլիաս Լիբանանի Ախոյեան` Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանանի ճատրակի պատմութեան մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի տղոց խումբը երէկ գիշեր հանդիսացաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց խմբային ախոյեանութեան բացարձակ ախոյեան, երբ աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ ապահովեց տիտղոսը` ցարդ մնալով անպարտելի միակ խումբը եւ ապահովելով առաւելագոյն 16 կէտը: Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը` պատմական այս կարեւոր իրագործումին...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Եւ Պէյրութ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

ՀՄԸՄ-«ԱԷՔ» Լառնաքա մրցումէն Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ երէկ, երբ Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան վերջին երկու մրցումները: Առաջին մրցումին, Պէյրութ 96-83 արդիւնքով յաղթելով Մուժամահ Փեթրոլիի (Թունուզ), 5 կէտով գրաւեց Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը: Կիսաւարտականին, Պէյրութի կազմը այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին կը մրցի Ռիատիի դէմ (Ա. խմբակին առաջինը): Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Լիվըրփուլ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Չտպաւորեցին Ռէալ Մատրիտի 2 կոլերուն հեղինակը` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ խմբակներու դրութեամբ, երէկ Ռէալ Մատրիտ յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ափոյել Նիկոսիային (Կիպրոս): 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց երկու կոլ (12-րդ եւ 51-րդ` փենալթիով), մինչ երրորդը նշանակեց` Սերճիօ Ռամոս (61-րդ): Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ...

Նախարար Ֆընէյշ Պատուեց Պասիլը

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ պատուեց Ռէյ Պասիլը, որ Ասիոյ հրացանաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած էր ոսկի մետալի: Այս պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ: Շնորհաւորելով Պասիլը` նախարար Ֆընէյշ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր: Ան այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք աշխարհի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Բոլորին շնորհակալութիւն...

Շանվիլ Ներկայացուց 2017-2018 Տարեշրջանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Մասնակցող Իր Խումբը

Շանվիլ Ներկայացուց 2017-2018 Տարեշրջանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութեան Մասնակցող Իր Խումբը

PROFOTO «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շանվիլ ներկայացուց 2017-2018 տարեշրջանի իր խումբը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի...

«Քլասիք-Քար-Շօ-2017»` Կազմակերպութեամբ «Իվենց Փրոտաքշըն»-ի

Կազմակերպութեամբ «Իվենց Փրոտաքշըն» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Պէյրութի շուկաներուն մէջ վերջերս տեղի կ՛ունենայ «Քլասիք-Քար-Շօ-2017» անունը կրող հին ինքնաշարժներու յատուկ ցուցահանդէս մը: Անիկա իր հիւրերը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 17 սեպտեմբեր: «Իվենց Փրոտաքշըն» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ինքնաշարժներու այս ցուցադրութիւնը առիթ մըն է լիբանանցիներուն ականատես ըլլալու անցեալի անուանի ինքնաշարժներուն, որոնք տարիներ առաջ կը տեսնուէին շուկաներուն մէջ եւ ճամբաներուն վրայ, մինչ այժմ անոնք...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Հիւսիսային Քորէայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին գծով (2-2)` Ասիա-2019-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նըժմէ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, ինչպէս նաեւ` փոքրերու ախոյեանութեան գծով անիկա ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներուն (2017-2018 տարեշրջան) պարտուած հռչակուեցաւ (իր մէկ մարզիկին փաստաթուղթերը կեղծելուն պատճառով): Հատի Ռամմալի...

Ֆութպոլ. Եւրոպայի Լիկա

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 24 Ճակատումներ

Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանին գծով այսօր տեղի կ՛ունենան 24 ճակատումներ` 12 խմբակներու մէջ: Մրցումներուն մէկ մասը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, իսկ միւս մասը` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Աթալանթա - Էվըրթըն, Արսենալ-Քէօլն, Հերթա Պերլին - Աթլեթիքօ Պիլպաօ, Աւստրիա Վիեննա - Ա. Սէ. Միլան, ինչպէս նաեւ այլ մրցումներ, կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերու կարգին են...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով ռուս Տանիիլ Տուպովը (2666): Արոնեան (2802) երկու դասական մրցումներուն 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Առաջին մրցումին Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, իսկ երկրորդին ճերմակ քարերով յաղթանակ մը` 97-րդ շարժումին: Կիսաւարտականին հասնելու համար Արոնեան պէտք է շրջանցէ...

Բազկամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 3 Մետալի

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մեծերու եւ երիտասարդներու բազկամարտի 39-րդ ախոյեանութեան Հայաստան տիրացաւ 3 մետալի, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքը` մէջբերելով Հայաստանի ազգային բազկամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արսէն Գաբրիէլեանի խօսքերը: 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Դաւիթ Մադոյեան (90 քկ եւ վեր) տիրացաւ ոսկի մետալի (աջ ձեռքով) եւ պրոնզ մետալի (ձախ ձեռքով): Իսկ մեծերու մրցումներուն, Էմիլ Ամիրշատեան (70 քկ)...

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ամուր Կառչած Մնաց Պարագլուխի Դիրքին

ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Լիբանանեան բանակ երէկուան մրցումէն Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), երէկ գիշեր տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ իր կատարած եօթը մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով` ապահովելով առաւելագոյն 14 կէտը: Երէկ ՀՄԸՄ յաղթանակ արձանագրեց Լիբանանեան բանակին դէմ` 4,5-1,5 արդիւնքով: ՀՄԸՄ մրցեցաւ...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – «Աէք» Լառնաքա

Ռիատի - Չերքասի երէկուան մրցումէն Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կ՛աւարտին Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ Բ. խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենան վերջին երկու մրցումները: Յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պէյրութ կը մրցի Մուժամահ Փեթրոլիի դէմ (Թունուզ), մինչ երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - «ԱԷՔ» Լառնաքա (Կիպրոս) մրցումը: ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է...

Page 930 of 1278 1 … 929 930 931 … 1,278

Արխիւներ