Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յաղթական Սկիզբ` Ա. Դասակարգ Բարձրանալու Նպատակով

September 16, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Երէկ` ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ տեղի ունեցած բացման մրցումներով:

Այդ մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը:

Այսօր` շաբաթ, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ճակատի Ահլի Սայտայի դէմ:

Բնականաբար, նոր տարեշրջանին պատրաստուելու համար, բոլոր խումբերուն նման ՀՄԸՄ եւս կատարեց փորձ-մրցումներ, որոնք ընդհանրապէս կարեւոր կ՛ըլլան մարզիչին համար, որպէսզի իր մարզիկներուն ընտրութիւնը կատարէ:

Այդ փորձ-մրցումներուն ընթացքին յաղթանակը երբեք կարեւոր չէ: Ախոյեանութեան գծով գալիք յաղթանակներն են էականները: Քանի մը յաղթանակ միայն չի բաւեր, որովհետեւ ճամբան երկար է, անհրաժեշտ է երկար շունչ, յաղթանակներու շարան, որպէսզի կարելի ըլլայ կէտերը իրարու վրայ աւելցնելով ձգտիլ ամէնէն բարձրին եւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, որ ՀՄԸՄ-ի իսկական տեղն է:

Այս իրագործումին հասնելու համար, խումբը իր կատարելիք բոլոր մրցումներուն պէտք է փորձէ առաւելագոյն 3 կէտերը խլել իր մրցակիցներէն:

Իւրաքանչիւր մարզիկ իր ուսերուն վրայ դրուած բեռ մը եւ պարտականութիւն մը ունի:

Դաշտին վրայ պէտք է ըլլալ զուսպ եւ ունենալ մարզական ոգի, որովհետեւ ջղային վիճակը բարիքէ աւելի չարիք կրնայ հասցնել խումբին, ինչպէս նաեւ կրնայ խանգարել մարզիչին հաշիւները:

Մարզիկներուն կախակայումները պէտք է ըլլան գրեթէ աննշմարելի, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ մարզիկ մը կամ իրաւարարը, դիտմամբ կամ ոչ, սխալին, պատճառ դառնալով կարմիր քարտի մը:

Զուսպ ըլլալով` բոլորն ալ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնեն միութեան շահերը իրենց անձնական հաշիւներէն վեր դասելու եւ ըլլան տիպար ՀՄԸՄ-ականներ:

Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով հարց կու տանք, թէ ի՞նչ էր արդեօք պատճառը, որ բացառիկ տարեշրջաններ սկսած ՀՄԸՄ-ի խումբը, տարեշրջանին կէսէն ետք կը սկսէր հետզհետէ նահանջել եւ պարագլուխի դիրքը կորսնցնելով ետդարձ կատարել:

Եթէ եղան սխալներ, արդեօք անոնք սրբագրուեցա՞ն, որպէսզի այս կամ յաջորդ տարեշրջաններուն ընթացքին անոնք չկրկնուին:

Կ՛ակնկալուի, որ ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները նոյն թափով շարունակեն ախոյեանութիւնը` կիրարկելով խմբային խաղաոճ, չըլլալով եսասէր, երբեք չանարգելով մրցակից կազմը, եւ ամէնէն կարեւորը` ունենան ՀՄԸՄ-ականի տիպար ոգի, իրենց մասին խօսեցնել տալով տեղական մամուլին կամ անհատներուն:

Յոյսով ենք, որ ՀՄԸՄ այսօր կ՛ունենայ յաղթական սկիզբ եւ առաջնահերթ նպատակ կ՛ունենայ Ա. դասակարգ բարձրանալ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին եւ կ՛ակնկալենք, որ 2017-2018 տարեշրջանին աւարտին «Մեր խումբը» դառնայ Բ. դասակարգի ախոյեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Մրցումը` Ժամը 15:30-ին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.