Մեսսին Դարձաւ Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Ֆութպոլիստը
«Էլ Մունտօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, քաթալոնական Պարսելոնայի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը 3 տարիով երկարաձգելէ ետք, դարձաւ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը: Նոր պայմանագիրով անոր տարեկան եկամուտը կը կազմէ 42 միլիոն եւրօ: 30 միլիոն եւրօ պիտի ըլլայ անոր աշխատավարձը, որուն վրայ պիտի աւելնայ 12 միլիոն եւրօ` Պարսելոնայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար նախատեսուած 50 միլիոն եւրօ...





