Երէկ Պէյրութ հասաւ Հարաւային Քորէայի փինկ փոնկի մէկ պատուիրակութիւնը, որ չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերէն կիրակի, 3 դեկտեմբեր պիտի գտնուի Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), ուր մարզիկներուն հետ պիտի կատարէ յատուկ փորձեր, որպէսզի անոնք ստանան յաւելեալ փորձառութիւն:
Այդ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Հարաւային Քորէայի փինկ փոնկի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ժի-Հիուն Փարք:
Այդ ժամանակամիջոցին ան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ պիտի այցելէ շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Քալպ-Աքտաս, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա:
Հարաւային Քորէայի պատուիրակութեան այս այցելութիւնը կը կատարուի գործակցութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալիի: