Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած լողարշաւի կրտսերներու արաբական 13-րդ ախոյեանութեան, լիբանանցի Լեթիսիա Համտուն, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ լողարշաւի 12-13 տարեկանի լողարշաւի մրցումներուն, Լիբանանին ապահովեց երեք ոսկի մետալ` 50, 100 եւ 200 մեթր կռնակի լողի մրցումներուն:
Իր տիրացած ոսկի մետալներէն բացի, ան յաջողեցաւ նաեւ լիբանանեան երեք նոր մրցանիշներ հաստատել: Լեթիսիա Համտունը Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ հիւրերու սրահին մէջ դիմաւորեցին Նաժահ ակումբի նախագահ Մոհամետ Շաքեր, ինչպէս նաեւ այլ անձեր:



