Հերթական որակազրկումներէն ետք, Ռուսիոյ ողիմպիական հաւաքականը զրկուեցաւ 2014-ի Սոչիի ձմեռնային ողիմպիական խաղերու մետալներու դասաւորման առաջին դիրքը գրաւելէ եւ նահանջեց 6-րդ դիրք:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն խթանիչ դեղերու գործածութեան պատճառով շարք մը մարզիկներ կախակայեց եւ անոնցմէ խլեց 4 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալ:
Նոր դասաւորման հիմամբ, Նորվեկիա կը գրաւէ առաջին դիրքը, ապա անոր կը յաջորդեն Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտա եւ Գերմանիա: