Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Փիթըր Քրաուչ տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ Սթոք Սիթիի հետ, որովհետեւ անոր կազմը համաձայն գտնուեցաւ անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
36 տարեկան Քրաուչ, որ 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սթոք Սիթիին, այս տարեշրջանին 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ: